ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաշխարհի զանազան անկիւններէն ներս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը շարունակէ ուշադրութեան արժանանալ՝ որպէս հայ մամլոյ նահապետ։ Վերջերս Լոնտոնի մէջ նշուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեայ յոբելեանը։ Աշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենաերկարակեաց հայերէն օրաթերթի գործունէութիւնը զանազան հարթութիւններու վրայ կը դառնայ թէ՛ ուշադրութեան եւ թէ հետաքրքրութեան առարկայ։ Այս հանգամանքին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ Լոնտոնի մէջ կազմակերպուեցաւ իսկական յատկանշական հաւաքոյթներ, որոնք առիթ հանդիսացան հերթական անգամ արժեւորելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութիւնը եւ թրքահայ համայնքի վիթխարի ժառանգութեան նշանակութիւնը։

Լոնտոնի մէջ երկու ասուլիսներ տեղի ունեցան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի մասնակցութեամբ։ Այս ձեռնարկները տեղի ունեցան օրհնութեամբ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ծաւալած գործունէութեան եւ որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ։

Բացի երկու ասուլիսներէն, Արա Գօչունեան հնարաւորութիւն ունեցաւ շփուելու անգլիահայ համայնքէ զանազան գործիչներու հետ, որոնք եւս անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան ու մաղթեցին յարատեւութիւն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018