ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՓՈՄՓԷՈՅԻ ԵՒ ՊՈԼԹԸՆԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար  Մայք Փոմփէոյի հետ։ Նախարար Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երկու հանդիպումներուն ընթացքին ամերիկեան կողմին յանձնուեցաւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներու 84 հոգիէ բաղկացեալ  ցուցակ մը։ Այդ ցուցակին վրայ ընդգրկուած անունները կը գտնուին ԱՄՆ-ի մէջ եւ Թուրքիա կը պահանջէ անոնց արտայանձնումը։

Կը հաղորդուի, որ հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ տարածքաշրջանային զանազան հարցեր, Սուրիոյ ներկայ իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ սէուտցի լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի սպանութենէն վերջ ձեռնարկուած հարցաքննութիւնը։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է հեռանայ Մենպիչէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018