ԹՐՔԱԿԱՆ ՀՈՍՔԻՆ ԱՐԴԷՆ ԿԱԶ ԿԸ ԲԵՌՆՈՒԻ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սեւ ծովու յատակէն կառուցուած կազամուղ երկրորդ խողովակաշարն ալ արդէն պատրաստ է շահագործման։ Կապոյտ հոսքէն վերջ, այս նոր խողովակաշարը՝ Թրքական հոսքը արդէն սկսած է բեռնաւորուիլ բնական կազով։ Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան հաղորդումներով, խողովակաշարը ներկայիս բնական կազով կը բեռնաւորուի փորձարկման նպատակով։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յառաջիկայ յունուարին պիտի այցելէ Թուրքիա եւ այդ առթիւ տեղի պիտի ունենայ խողովակաշարի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Սա զուգահեռ երկու խողովակաշար է, որու մին պիտի օգտագործուի Թուրքիոյ արեւմտեան շրջաններու կարիքներու դիմագրաւման համար։ Իսկ երկրորդ խողովակաշարը պիտի օգտագործուի՝ ռուսական բնական կազը դէպի Եւրոպայի հարաւը տարանցման համար։ 

Կը հաղորդուի, որ այպէսով Ռուսաստան Ուքրայնան ամբողջութեամբ շրջանցած կ՚ըլլայ, տարանցման ցանցէն դուրս կը թողու՝ դէպի Եւրոպա բնական կազ առաքելու ճանապարհին։ 

Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը վերջին տարիներուն մեծ վերելք կ՚ապրի՝ մանաւանդ ուժանիւթի բնագաւառի պարագային։ Այս ամբողջին մէջ Թրքական հոսքը ունի առանցքային նշանակութիւն։ Ուժանիւթի  ոլորտի համատեղ ծրագրերը կը պայմանաւորեն Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան ռազմավարական բնոյթը։ 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019