ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՒՐՈՒՄՆԵՐ

Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Լոնտոնի մէջ պիտի նշուի ՆԱԹՕ-ի հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Այս յոբելեանին ընդառաջ դաշինքէն ներս ստեղծուած է հետաքրքրական մթնոլորտ մը։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն վերջին օրերուն յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ-ի ուղեղային մահը արդէն իրականացած է։ Այս խօսքերը ո՛չ միայն լուրջ մարտահրաւէրի մը պատճառ դարձան, այլ նաեւ՝  պայմանաւորեցին մթնոլորտը ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ երէկ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ։ Թէեւ նախարարները ուղղակի անդարդարձ մը չկատարեցին Մաքրոնի խօսքերուն, սակայն բոլորը մեծ ճիգ գործադրեցին միասնականութեան պատգամներ տալու համար, նաեւ շրջանառութեան մէջ մտցնելու նպատակով նոր քայլեր։ Պրիւքսելի ժողովին ժամանակ Թուրքիան ներկայացուց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Հաւաքի ժամանակ ընդհանրապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ ՆԱԹՕ-ի եւրոպացի անդամներու եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միջեւ կապերու տկարացման հարցին վրայ։ Մատնանշուեցաւ, որ այդ տկարացումը դաշինքին տեսակէտէ նպաստաւոր չի կրնար ըլլալ։ Միեւնոյն ժամանակ սա առաջին հերթին Եւրոպայի տեսակէտէ կը համարուի լուրջ խնդիր մը։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շեշտեց, որ առանց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրակցութեան Եւրոմիութիւնը զուրկ է Եւրոպան պաշտպանելու տարողութենէն։ Սթոլթենպերկի այս մօտեցումը ընդհանրապէս կ՚ընկալուի ըմբռնումով։ ՆԱԹՕ-ի՝ ռազմավարական նիւթերու շուրջ որոշում կայացնելու դրութեան ուղղեալ բուռն քննարկումներ ալ տեղի ունեցան Պրիւքսելի ժողովին ժամանակ։ Թէ՛ Ֆրանսա եւ թէ Գերմանիա շարք մը նոր առաջարկներ բերին օրակարգի վրայ։ Փարիզ կ՚առաջարկէ ՆԱԹՕ-ի տեսլականը քննարկելու համար բանիմացներէ բաղկացեալ սակաւաթիւ խումբ մը ձեւաւորել՝ դաշինքի արժեհամակարգի առանցքով։ Իսկ Պերլին կ՚առաջարկէ Եէնս Սթոլթենպերկի գլխաւորութեամբ, մասնագէտներէ բաղկացեալ խումբի մը ստեղծուիլը։ Այսպէսով քաղաքական քննարկումներու պիտի ձեռնարկուի դաշինքի ռազմավարական նիւթերու վերաբերեալ որոշում կայացնելու դրութեան շուրջ։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս յայտնեց, որ ՆԱԹՕ եօթանասուն տարիէ ի վեր Եւրոպայի կենսական ապահովագրութիւնը կը հանդիսանայ եւ այս ամբողջ շրջանին Անդրատլանտեան ամուր կապերու շնորհիւ դաշինքը եղած է հզօր։ Իր կարգին, Սթոլթենպերկն ալ շեշտեց, որ ՆԱԹՕ իր ուժը կը պահէ, հակառարակ տարակարծութիւններու։

Պրիւքսելի ժողովին ժամանակ հերթական անգամ ի յայտ եկաւ նաեւ, որ ՆԱԹՕ ներկայիս կը թիրախաւորէ Չինաստանը։ Արդարեւ, այս երկիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ վերջ աշխարհի վրայ ամենաբարձր ռազմական ծախսեր իրականացնողն է։ Վերջին հինգ տարուան ընթացքին Չինաստանի նաւատորմը համալրուած է ութսուն նոր ռազմանաւերով։ Չինաստանի ռազմական նպատակները կը պարտադրեն, որ դաշինքը անոր նկատմամբ որդեգրէ նոր քաղաքականութիւն մը։ ՆԱԹՕ ներկայիս հաշուի կ՚առնէ համաշխարհային նոր մարտահրաւէրները ու կը ջանայ ինքզինքը յարմարցնել օրուան պայմաններուն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019