ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ «Համաշխարհային կրթութեան ու նորարարական 10-րդ գագաթաժողովին» (WISE 2019), որ տեղի ունեցաւ Տոհայի մէջ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ դէպի Քաթար կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ։ WISE-ն կրթութեան ոլորտի պարագային համաշխարհային հեղինակաւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ կը հետապնդէ կրթութեան նորարարութեան միջոցաւ վերափոխման նպատակը, կրթական նոր մօտեցումներու խթանումը եւ համաշխարհային կրթական հրատապ խնդիրներու դիմագրաւման նոր եղանակներու ուսումնասիրութիւնը։  Այս տարուան գագաթաժողովին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներէ պետական գործիչներ, մասնաւոր հատուածի շուրջ երեք հազար ներկայացուցիչներ, գիտնականներ, մասնագէտներ եւ հետազօտողներ։

Արմէն Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին մատնանշեց, որ այսօր անհրաժեշտ է ամբողջ մտածելակերպի մը փոփոխութիւնը։ «Ես կը մտածեմ մեր օրերու աշխարհի մասին, այսօր շփոթութիւնը աւելի մեծ է։ Ի՞նչ պէտք է ընել յաջորդիւ։ Ես կրկին կ՚օգտագործեմ «ժամանակի դարպասը»։ Աշխարհ բացարձակ տարբեր է։ Սա աշխարհ մըն է, ուր կարեւոր է անհատի ուժը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ առողջապահութիւնը փոխուած է, արհեստական բանականութեան միջոցաւ կարելի է շատ արագ ներթափանցել DNA-ներուն եւ այսպէսով աւելի երկար ապրիլ, յաղթահարել հիւանդութիւնները։ Կը փոխուի նաեւ արդիւնաբերութիւնը։ Այսուհետեւ մեքենայ կրնան ստեղծել երկու մարդամեքենաներ։ Իսկ մարդու գործունէութիւնը պիտի ըլլայ ստեղծարարութիւնը։ «Հանճարները չեն ծնած հարուստ քաղաքներու մէջ, անոնք ծնած են փոքր գիւղի մէջ՝ քիչ յայտնի վայրի մէջ։ Պարտականութիւն ունինք միշտ յիշել այս բոլորի մասին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան  եւ աւելցուց, որ կեանքի նոր խթանիչ ուժը պէտք է ըլլայ երիտասարդներու ինքնավստահութիւնը։

«Չես կրնար կեանք, յաջողութիւն, գիտելիք ստեղծել բարոյականութեան եւ մշակութային անապատի մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան գագաթաժողովի ժամանակ։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ աշխարհը այսօր կը դառնայ անկանխատեսելի եւ անկառավարելի։  

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019