ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Իտալիա։ Ուղեւորութեան ծրագիրը սկսաւ Վենետիկով եւ Միլանոյով։ Վարչապետ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Վենետիկի մէջ այցելեց Ս. Ղազար կղզի, ուր կը գտնուի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը։ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան անդամները եւ շրջանի բնակիչ հայերը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Փաշինեանը։

Ս. Ղազար կղզիի մէջ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է ապրի Հայաստանով՝ անկախ իր բնակած վայրէն։ Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ անդրադարձաւ իր գլխաւորած կառավարութեան կողմէ՝ որպէս ազգային օրակարգի խնդիր սահմանուած համահայկականութեան, որով կը նախատեսուի հատուածականութեան փոխարինումը։

Վենետիկէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան անցաւ Միլանօ, ուր այցելեց Ս. Քառասուն Մանկանց հայաստանեայց եկեղեցին՝ համախմբուելով իտալահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Եկեղեցւոյ մէջ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Փաշինեան Միլանոյի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ քաղաքապետ Ճիւզեփփէ Սալայի կողմէ։ Օրուայ աւարտին ան մասնակցեցաւ աշխարհահռչակ «Լա Սքալա» օփերայէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկին։

Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցութիւն բերաւ Միլանոյի Միջազգային քաղաքագիտութեան կաճառէն ներս կազմակերպուած, «Ապագայի մասին երկխօսութիւն» խորագրեալ քննարկման։  

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019