Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԱՐԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն կ՚այցելէ նահանգապետարան։ Նորին սրբազնութիւնը կ՚ընդունուի Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլի իրադարձութիւններուն շուրջ խորհրդակցելու համար կուսակալ Երլիքայա նախընթաց օր այցելած էր Պատրիարքարան, ուրկէ արձակուելու ժամանակ տեղեկացուցած էր, որ հանդիպում մըն ալ կը նախատեսէր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Այսօր ահա այդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ նահանգապետարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019