ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Լարուածութիւններն ու անորոշութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի կեանքը։ Արցախի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մեծ ձախողումը ահաւոր ցնցումի մը առաջնորդած է երկիրը։ Մայրաքաղաք Երեւանի եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ զանազան դրսեւորումներ կ՚ունենայ ժողովուրդի անհանգստութիւնը։

Օր չ՚անցնիր, որ պոռթկումի դրուագներ չհասնին Երեւանի կեդրոնէն։ Երէկ ալ կացութիւնը նոյնն էր։ Մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, շարունակուեցաւ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումը՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով։ Իրաւապահ մարմիններն ալ միշտ միջամտեցին, փորձեցին կասեցնել ցուցարարները եւ անոնցմէ շատերը ձերբակալեցին։

Մինչ այդ, առկայ մթնոլորտին մէջ իրերայաջորդ ձեւով կը շարունակուին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականները՝ ներառեալ նախարարներ։ Գործնականօրէն Հայաստանի կառավարութեան կազմը կ՚ենթարկուի լուրջ փոփոխութեան, սակայն, ընդհանուր առմամբ, այս երեւոյթը առայժմ հեռու է լիցքաթափում մը ապահովելէ, որովհետեւ բոլորը ըստ էութեան կ՚ակնկալեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնէ հեռանալը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020