ՀՐԱՏԱՊ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ բաղկացեալ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այսօր կ՚այցելէ Հայաստան։ Սա շատ կարեւոր այցելութիւն մըն է, որ տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի ծանր պայմաններուն ներքեւ։ Երեւան եւ Մոսկուա զանազան ուղղութիւններով արժեւորումներ կ՚ընեն ստեղծուած իրավիճակին շուրջ եւ կը քննարկեն հրատապ անհրաժեշտութիւնները։ Ներկայ փուլին հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը ձեւաւորուին նոր իրադրութեան համահունչ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի հետեւանքով հայկական կողմի ունեցած ձախողումը աղէտի համազօր վիճակ մը ստեղծած է։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, Տնտեսութեան նախարար Ալեքսանտր Նովաք, Առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքօ, ինչպէս նաեւ փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։

Այս պատուիրակութեան այցելութեան ընդառաջ, երէկ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը հասած է իր աւարտին։ Զուգահեռաբար կը գործադրուի նաեւ հրադադարի համաձայնութիւնը։ Երէկ, Աղտամ քաղաքը արդէն անցաւ Ատրպէյճանի բանակի վերահսկողութեան տակ։ Համապատասխան ժամանակացոյցը ընթացքի մէջ է եւ հայկական կողմը Ատրպէյճանին կը վերադարձնէ հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած տարածքները։ Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը երէկ մարդասիրական օժանդակութեան ինքնաշարժներու երկու շարասիւն ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ռուսական կողմը տեղեկացուց նաեւ, որ Արցախի բնակիչներուն համար կրնայ ապահովել արագ կառուցուող տուներ։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երկրի կառավարութեան յանձնարարած է հայկական կողմին հետ քննարկել՝ Արցախի բնակչութեան ջեռուցումը ապահովելու հարցը։

Ռուսական պատուիրակութեան այս օրուան այցելութեան ընդառաջ անոր մէջ ընդգրկուած պաշտօնատարները երէկ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրին օրակարգի առաջնահերթ հարցերուն շուրջ։ Ըստ Սերկէյ Շոյկուի, Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման հարցով Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ ստեղծուելիք համատեղ դիտարկման կեդրոնի տեղակայւելիք վայրի համաձայնեցումը կը մօտենայ աւարտին։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի աւելի աշխուժօրէն աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն։ Բաց աստի, երէկ Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրէ Ազուլէի հետ՝ քննարկելով Արցախի յուշարձաններու պահպանութեան հարցը։ Կազմակերպութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է նպաստելու համար Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանման։

Այս առաւօտ ռուսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այս առթիւ Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ իրենց գլխաւոր խնդիրը Արցախէ ներս արիւնահեղութեան թոյլ չտալն է։ «Մենք եկած ենք մեծ ծրագրով եւ յոյս ունինք զայն իրագործել», ըսած է ռուս պաշտպանութեան նախարարը։ Բազմանդամ պատուիրակութեան անդամներուն հետ բանակցութիւններ վարելու առընթեր, Փաշինեան առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած է Շոյկուի եւ Լաւրովի հետ։

Նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ երէկ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով, որոնք հնչեցին ռուսական պատուիրակութեան այսօրուան այցելութեան ճիշդ նախօրեակին եւ ցոլացուցին, թէ անոր ետին գոյութիւն ունի ամենաբարձր մակարդակի քաղաքական կամք։ Թրքական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտան Փութինի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց հրադադարի խափանարարումը կը նշանակէ պատերազմի վերադառնալ։ Փութին երէկ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկութիւններ քաղեց ռուսական խաղաղապահ զօրքի առաքելութեան կապակցութեամբ։ Իր յայտարարութիւնները համընկնեցան Սերկէյ Լաւրովի կողմէ արտայայ-տըւած մտահոգութիւններուն հետ, ըստ որոնց փորձեր կը կատարուին կանգնեցնելու համար հրադադարի յայտարարութեան գործադրութիւնը։

Փութին երէկ տեղեկացուց, որ մշտապէս շփման մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը Ռուսաստանի համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ներքին անվտանգութեան տեսակէտէ։ Ան յստակ եւ համակարգուած որակեց Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահներու աշխատանքը։ Փութին նաեւ հերթական անգամ կարեւորեց Արցախի յուշարձաններու եւ սրբավայրերու պաշտպանութիւնը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020