ՄԱՀ՝ ՌԻԹԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողակիցը՝ Ռիթա Սարգսեան։ Քորոնաժահրով վարակուած էր Ռիթա Սարգսեան, որ շաբաթներէ ի վեր դարմանման տակ կը գտնուէր։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի գործ դրուած բժշկական խնամքը բաւարար չէ եղած Ռիթա Սարգսեանի կեանքը փրկելու։ Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնէն ներս ան երէկ անժամանակ ձեւով հոգին աւանդեց, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ու պատճառ դարձաւ մեծ ցաւի։ 58 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Ռիթա Սարգսեան մասնագիտութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի էր։ 1962 թուականին ծնած էր Ստեփանակերտի մէջ։

Որպէս առաջին տիկին՝ Ռիթա Սարգսեանի մարմնաւորած կերպարը համահունչ էր հայկական նահապետական ընտանիքի մօր, արդի ժամանակներու կնոջ բնորոշ արժէքներու եւ պետական գործիչի կողակցի առաքելութեան համադրութեան։

Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը բախտաւորուած էին երկու դուստրով եւ թոռնիկներով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցական մը ուղարկած է Ռիթա Սարգսեանի մահուան կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020