ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՀԱՄԱՐԵԱ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ ԵՆՔ, ԿԱՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ՝ ԱՂԷՏ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ երկրէն ներս զանազան համակարգերու բացակայութեան մասին։ «Հայաստան պետութիւն մըն է, որ ամէն ինչ կ՚անձնաւորէ։ Նախարարութիւնը՝ նախարարի հետ, ոլորտը՝ մարդու հետ, նոյնիսկ այսօր խնդիրներու լուծման համար կը խօսինք ո՛չ թէ անոնց լուծման մասին, այլեւ՝ անհատներու մասին, անկախ այն բանէն, թէ ովքեր են այդ անհատները։ Փրկութիւնը անձերու մէջ փնտռելը ցաւալի է։ Մեր առաջնահերթ խնդիրներէն մին պէտք է ըլլայ մարդոց պետական մտածողութիւն ներարկելը։ Պետութեան բոլոր ոլորտներէն ներս համակարգային լուծումներ պէտք են՝ բանակէն սկսեալ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Թէ ի՞նչ լուծումներ կ՚առաջարկէ Արմէն Սարգսեան առկայ ճգնաժամին համար։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ, որ կարեւորագոյն պատգամը նոյնն է. «Հանրային կարգ ու կանոնը, իրավիճակը, որուն մէջ կ՚ապրինք, անթոյլատրելի է, որ դուրս գայ որոշ սահմաններէ։ Ոչ միայն անհանդուրժողականութիւնը, կոչեր՝ վրիժառութեան, այլ նաեւ գործողութիւններ։ Սա կրնայ տանիլ անհաւասարակշռութեան, այնպիսի իրավիճակի, որ պատճառ կրնայ դառնալ այսօրուայ հրադադարի խախտման, ինչ որ անթոյլատրելի է։ Ինձ համար բացարձակ անընդունելի է, որ մեր երկրի քաղաքացիները ընեն այն ինչ, որ ըրին Ազգային ժողովի մէջ, խորհրդարանի նախագահի դէմ յարձակումը։ Կարող է ծրագրուած էր կամ ոչ։ Կը թողնեմ իրաւապահներուն։ Միթէ սա՞ է ճանապարհը մեր հարցերը լուծելու։ Կամ այլ դէպք մը՝ «ատեքուաթ» միաբանութեան անդամներէն մէկուն դանակահարութիւնը։ Կարելի չէ այս ճանապարհով ընթանալը։ Կարգ ու կանոնը պէտք է ըլլայ իր տեղը եւ իրաւապահներ այնտեղ պէտք է ընելիք ունենան»։

Անդրադառնալով առկայ տագնապին՝ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ զայն յաղթահարելու համար հարկաւոր է նախ ընդունիլ, թէ կայ տագնապ մը։ Սա առաջին քայլն է, իսկ տագնապի գոյութեան ընդունուիլը պայմանաւորուած չէ մէկ կամ երկու երեւոյթով։ Նախագահը շարունակեց.

«2018-ին իրականութեան մէջ կը թուէր, թէ տնտեսական, մեծ ընկերային ճգնաժամ մը չկայ, ղարաբաղեան մեծ ճգնաժամ մը չկայ, բայց կար ճգնաժամ, որովհետեւ ժողովուրդը փողոցն էր։ Ճգնաժամը ձեւակերպել ընդհուպ մինչեւ 100-200 հազար մարդ փողոցի մէջ, սա ճգնաժամի երեւոյթներէն մին է, բայց ոչ միակը։ Կարող է դուն այսօր փողոցի մէջ չունիս հարիւրաւոր, հազարաւոր մարդիկ, որովհետեւ մեր հասարակութիւնը բաւականին բեւեռացած է։ Գուցէ հսկայ զանգուած մը, որ նախապէս կը պաշտպանէր որեւէ կուսակցութիւն կամ գաղափար, բայց այսօր հիասթափութիւն ունի կամ գուցէ հոգեբանական այնքան ծանր վիճակի մը մէջ է, որ ցանկութիւն չունի դուրս գալու եւ այլն։ Պատճառները շատ են եւ չենք կրնար փողոց դուրս եկած մարդիկը թիւով չափել, թէ տագնապ ունինք կամ ոչ։ Մենք այսօր համարեա Ղարաբաղը կորսնցուցած ենք։ Մենք այսօր հազարաւոր երիտասարդ կեանքեր կորսնցուցած ենք։ Քանի մը անգամ աւելի հազարաւոր վիրաւորներ ունինք, տասնեակ հազարաւոր փախստականներ ունինք եւ յայտնի չէ, թէ ետ պիտի երթա՞ն կամ ոչ։ Հետեւաբար՝ ունինք մարդասիրական ճգնաժամ՝ աղէտ»։

Արմէն Սարգսեան հարցազրոյցի մէջ դիտել տուաւ, որ մարդիկ պէտք է տեղաւորուին, որովհետեւ ամէն ինչ կորսնցուցած են, տունը վառած ու մեկնած Հայաստան։ «Ունինք տնտեսական խոր ճգնաժամ, որ աւելի սաստկացած է համաճարակի պատճառով։ Ես կը կարծեմ՝ անընդունելի է չնկատել, որ սա ճգնաժամ է։ Ես կը տեսնեմ լուծումը, որպէսզի մեր երկիրը, ժողովուրդը գտնէ համաժողովրդական ձեւով», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հարցազրոյցի եզրափակիչ բաժնին մէջ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ միասնաբար պէտք է յաղթահարել առկայ տագնապը։ Այլապէս, եթէ կայունութիւնը խաթարուի, ապա Հայաստան կրնայ նոր ճգնաժամի մը մէջ յայտնուիլ. բան մը, որուն պատրաստ չէ, իսկ Ատրպէյճան պատրաստ է։ «Մի՛ մոռնաք, որ այս հրադադարը ընդամէնը հինգ տարուայ համար է։ Հինգ տարուայ ընթացքին մենք պէտք է ոտքի կանգնինք, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ ինչ պիտի ըլլայ։ Չկայ ուժ մը, որ գայ ու կարողանայ միանձնեայ այս տագնապէն դուրս հանել երկիրը։ Մեզի համար շատ էական է, որ այն կառավարութիւնը, որ կ՚աշխատի, ամէն օր զբաղած չըլլայ իր հակառակորդներուն պատասխանելով, ցոյցերուն հակացոյց կազմակերպելով, ֆէյք լուրերու կամ ֆէյքերու պատասխանելով, այլեւ՝ զբաղած ըլլայ առաւօտէն երեկոյ երկիրը վերականգնելով, ճգնաժամը յաղթահարելով։ Այս պատճառով, ինչպէս ըսի, միակ լուծումն է, որ պէտք է ըլլայ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը» դիտել տուաւ Արմէն Սարգսեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ պատերազմը կասեցուցած հրադադարի համաձայնութեան կնքուելէն անմիջապէս վերջ Արմէն Սարգսեան իրականացուցած էր խորհրդակցութիւններու շարք մը, որու աւարտին յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ է ապահովել անցումային կառավարում եւ ձեռնարկել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան։ Սա գործնականօրէն կ՚ենթադրէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականը։ Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ալ Արմէն Սարգսեան կրկնած է նոյն մօտեցումները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020