Անայլընտրանք գործընթաց
Զուցերիոյ մայրաքաղաքը՝ Պեռնի մէջ շաբաթավերջին շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները։ Այսպէս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ աւելի քան տարի մը վերջ տեսակցեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որոնք առկայ անայլընտրանք գործընթացի հիմնական դերակատարները կամ դէմքերը կը հանդիսանային։ Զուիցերիոյ կառավարութեան «Լանտկութ Լոհն» ընդունելութիւններու տան պաշտօնական համալիրէն ներս տեսակցեցան երկու նախագահները, որոնց կողքին էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով։ Պեռնի մէջ Սերժ Սարգսեանի հետ էին նաեւ իր աշխատակազմի ղեկավարը՝ Վիգէն Սարգսեան, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի փոխ-դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, նախագահի բանբեր Վլատիմիր Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Պեռնի մէջ նախ «Լանտկութ Լոհն» հասաւ Իլհամ Ալիեւ, որմէ քանի մը վայրկեան վերջ ալ ժամանեց Սերժ Սարգսեան։ Նոյնաժամանակ «Լանտկութ Լոհն» փութացին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։
Հիւրընկալ երկրի իշխանութիւններուն անունով երկու նախագահները դիմաւորեց Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց համադաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար Տիտիէ Պուրկհալթէր, որ անցեալ տարի ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը կը վարէր, իբր այդ որոշ չափով թարմ տեղեկութիւններու կը տիրապետէ այս կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ։ Տիտիէ Պուրկհալթէր «Լանտկութ Լոհն» պատմական շէնքի աստիճաններու մուտքին դիմաւորեց երկու նախագահները, որոնց հետ ունեցաւ նաեւ կարճ առանձնազրոյցներ՝ շեշտելով, որ Զուիցերիոյ պատկերացումներով ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական նկարահանում՝ նոյնպէս պատմական շէնքի աստիճաններուն վրայ, ուր մէկտեղուեցան Պուրկհալթէր եւ նախագահներն ու արտաքին գործոց նախարարները եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւի տեսակցութիւնը սկսաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ։ Աւելի վերջ երկու նախագահները միջոց մը առանձնացան միայն Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի դռնփակ առանձնազրոյցը, որմէ վերջ վերստին անոնց միացան արտաքին գործոց նախարարներն ու համանախագահները։ Մինչ կ՚ընթանար նախագահներուն առանձնազրոյցը, ընկերային ցանցերուն վրայ արդէն յայտնուեցան զանազան դրուագներ, ուր թէյասեղանի մը շուրջ համախմբուած անոնց կը սպասէին երկու արտաքին գործոց նախարարներն ու Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Երբ այս գագաթաժողովը հասաւ իր աւարտին, «Լանտկութ Լոհն»էն առաջին հրաժեշտ առնողը եղաւ Իլհամ Ալիեւ։ Իսկ Սերժ Սարգսեան այնտեղէն հեռացաւ՝ միջոց մը եւս համանախագահներուն հետ շփուելէ վերջ։ Սարգսեան-Ալիեւ գագաթաժողովի աւարտին Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ քայլերը եւ հիմնախնդրի կարգաւորումը յառաջ մղելու հնարաւորութիւնները։ Պաշտօնական աղբիւրները թէեւ գրաւոր ձեւով այս բաւական սահմանափակ տեղեկութիւնները տրամադրեցին հանրային կարծիքին, սակայն Եդուարդ Նալպանտեան տեղւոյն վրայ իսկ՝ «Լանտկութ Լոհն»ի պարտէզին մէջ բաւական մանրամասն յայտարարութիւններ ըրաւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար, որոնք կը հետեւէին այս գագաթաժողովին։ «Եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք յառաջ շարժիլ, ապա պէտք է ստեղծուի համապատասխան մթնոլորտ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան այս առթիւ։ Իրենց կարգին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներն ալ Պեռնի բանակցութիւններէն վերջ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք մատնանշեցին, թէ այս գագաթաժողովը հնարաւորութիւն ընձեռած է նախագահներուն յստակեցնելու իրենց դիրքորոշումը առանձնազրոյցի ձեւաչափով հանդիպման ժամանակ։ Յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է նաեւ հետեւեալը.
«Նախագահները քննարկեցին վերջին շրջանի բռնութիւններու դէքերը եւ յատուկ մտահոգութիւն յայտնեցին զոհերուն կապակցութեամբ՝ ներառեալ խաղաղ բնակիչները՝ պայմանաւորուած ծանր զրահասարքաւորումներու կիրառմամբ։ Նախագահները աջակցութիւն յայտնեցին համանախագահներուն կողմէ տարուող աշխատանքին այն առաջարկներուն շուրջ, որոնք ուղղուած են շփման գծին վրայ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին բռնութեան ռիսքերու նուազեցման՝ ներառեալ հետաքննութիւններու դրութեան կիրառումը։ Նախագահները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակել ներգրաւուածութիւնը բանակցային կարգաւորման առաջարկներուն շուրջ։ Անոնք նաեւ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Մինսքեան խմբակի ձեւաչափին։ Համանախագահները կը շարունակեն պատրաստակամ ըլլալ կողմերուն հետ աշխատանքներ տանելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ բանակցային կարգաւորման միջնորդութեան հարցին մէջ»։
Իր կարգին, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն առաջ ընկերային ցանցերու վրայ առարկայական քննարկումներու ակնկալութիւն արտայայտած էր, Պեռնի տեսակցութեան աւարտին տեղեկացուց, թէ որոշուած է շարունակել աշխատանքը խնդրի խաղաղ բանակցային կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ան միեւնոյն ժամանակ պնդեց, թէ նախագահներու գագաթաժողովը եզրափակուած է 2016-ի ուղղեալ բաժակաճառով՝ աշխատելու բանակցային կարգաւորման շուրջ։ Յամենայնդէպս, Եդուարդ Նալպանտեան Պեռնի իր յայտարարութիւններուն ընթացքին հերքեց այդ պնդումը։ Նալպանտեան ըսաւ, թէ այնտեղ կայ երեւակայութիւն մը, որովհետեւ նախագահները կենաց չեն խմած ու վարած են լուրջ բանակցութիւններ։
Սարգսեան-Ալիեւ տեսակցութենէն վերջ թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Ստեփանակերտէն եղան արձագանգներ։ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան յայտնեց, թէ նախագահներու հանդիպումները միտուած են խաղաղ կարգաւորման ուղիներ գտնելու։ Երեսփոխանը միեւնոյն ժամանակ աւելցուց, թէ ցարդ նման հանդիպումներու արդիւնքով չէ արձանագրուած որեւէ յառաջընթաց, որովհետեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել հրադադարը։ Արցախի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուած է կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան կ՚ակնկալէ, որ յաջորդ տարի բանակցութիւնները պիտի շարունակուին։ Ըստ իրեն, Պեռնի մէջ շեշտը դրուած է նաեւ ուժի կիրառման անթոյլատրելիութեան վրայ։ Իր խօսքերով, հանդիպումներու ժամանակ Իլհամ Ալիեւ կը վարուի այլ ձեւով, իսկ վերադառնալով Ատրպէյճան՝ կ՚ընէ հակառակը։
Հայկական կողմի վերապահ կամ յոռետես ակնկալութիւններուն արդարացումն ալ չուշացաւ Պեռնի բանակցութիւններէն վերջ։ Արդարեւ, Սարգսեան-Ալիեւ տեսակցութեան նախորդած աննախընթաց լարուածութիւնը Արցախի ճակատին վրայ շարունակուեցաւ նաեւ Պեռնի բանակցութիւններէն անմիջապէս վերջ։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զօրքերը շարունակեցին թափով խախտել հրադադարը՝ միշտ օգտագործելով հրասայլեր։ Ազէրի զօրքերը շփման գծի հիւսիս-արեւելան ուղղութեան վրայ՝ Մարտակերտի շրջանէն ներս է, որ օգտագործած են հրասայլերը։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը համարժէք պատասխան տուած են նախայարձակ գործողութիւններուն ու կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը։
Այս բոլորէն վերջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ հրադադարի վերջին խախտումներուն կապակցութեամբ։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, թէ Ատրպէյճան կը շարունակէ սադրանքները՝ հակառակ անոր, որ Ալիեւ յայտնած է սահմանին բռնութեան ռիսքերու նուազեցման ուղղեալ քայլերուն աջակցելու մասին։ Երեւան այս առթիւ պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ հայկական զօրքերը կու տան թիրախային հակահարուածներ։
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ…
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպման աւարտին Պեռնի մէջ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութիւնով.
«Վերջին եօթ տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մակարդակով մօտաւորապէս երկու տասնեակ հանդիպումներ եղած են՝ գագաթաժողովներ։ Շարք մը հանդիպումներ շատ մօտ եղած են համաձայնութեան, սակայն Ատրպէյճան միշտ ետքայլ ըրած է։ Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ կայացած վերջին գագաթաժողովէն ի վեր բաւական ժամանակ անցած է՝ աւելի քան տարի մը եւ շատ կարեւոր էր նոր հանդիպման մը կազմակերպումը։
«Մենք շնորհակալ ենք Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն, որոնք հիւրընկալեցին այս գագաթաժողովը։ Շնորհակալ ենք նաեւ եռանախագահ երկիրներուն՝ իրենց ջանքերուն համար՝ բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ նախագահներու մակարդակով նոր հանդիպում մը կազմակերպած ըլլալու համար։ Այդ գործընթացը յառաջ մղելու համար նման մտադրութիւն պէտք է ունենայ Ատրպէյճան, որ իրականութեան մէջ ոչ միայն չունի նման մտադրութիւն մը, այլ՝ ընդհակառակն։
«Այս գագաթաժողովին օրակարգը թելադրուած էր Ատրպէյճանի կողմէ սադրանքներու հրադադարի դրութեան կոպտագոյն խախտումներու հետեւանքով իրավիճակի սրմամբ։ Եւ, բնական է, եթէ այսպիսի սուր իրավիճակ կը տիրէ, ապա միւս հարցերը կը մղուին երկրորդ հարթութիւն։ Ատրպէյճան չի կարողանար ազատուիլ այն պատրանքէն, թէ կրնայ ուժի կիրառումը, իրավիճակի սրումը օգտագործել որպէս բանակցային գործիք։ Իրականութեան մէջ սա իրենց տկարութիւնն է։ Պաքու բանակցութիւններուն մէջ իր անվստահութիւնը կը փափաքի փոխարինել այս կարգի քայլերով։ Ատրպէյճանի ռազմավարագէտները կը կարծեն, թէ սա իրենց կու տայ ուժ մը. ի՞նչ տուած է մինչեւ հիմա այս քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանին։ Որեւէ դրական բան, որեւէ առաւելութիւն ոչ տուած է, ոչ կու տայ եւ ոչ ալ ի հարկէ պիտի տայ»։
Լրագրող մը այս կէտին վրայ Նալպանտեանին հարց տուաւ, թէ արդեօք նպատակայարմա՞ր էր բանակցութիւններու մասնակցիլ այս պայմաններու ներքեւ։ Ի պատասխան նախարարը նշեց. «Կային տրամադրութիւններ եւ կան տրամադրութիւններ, թէ Ատրպէյճանի այս անհամաչափ կեցուածքի՝ սադրանքներու պայմաններուն ներքեւ երեւի իմաստ չունի շարունակել բանակցութիւնները։ Ու հարց կը յառաջանայ՝ ո՞րն է բանակցութիւններուն այլընտրանքը։ Հայաստան կողմնակից եղած է, կողմնակից է բանակցային գործընթացը շարունակելու, բանակցութիւններու միջոցաւ հիմնախնդրի կարգաւորման։ Ու մեր Հանրապետութեան նախագահին մասնակցութիւնը այս գագաթաժողովին այս իսկ մասին կը խօսի՝ մեր մօտեցման մասին, թէ Հայաստան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու եռանախագահներուն հետ ջանքերը՝ ուղղուած հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։ Եթէ բանակցութիւն չըլլայ, ինչպէ՞ս լուծում պիտի ըլլայ։ Ինչպէ՞ս կը հաստատեն խաղաղութիւն։ Իրականութեան մէջ նաեւ այս հանդիպման ժամանակ կողմերը արտայայտեցին իրենց մօտեցումները հիմնախնդրի կարգաւորման զանազան տարրերու, զանազան սկզբունքներու շուրջ, զորս իրենք ներկայացուցած են։ Եւ կրնանք դարձեալ վերահաստատել, որ դժբախտաբար կողմերու մօտեցումները մօտ չեն, կամ չեն համընկնիր։ Բայց այստեղ ոչ միայն Ատրպէյճանի մօտեցումները չեն համընկնիր Հայաստանի մօտեցումներուն, կրնաք ըսել նաեւ, որ Ատրպէյճանի մօտեցումները չեն համընկնիր եւ չեն համապատասխաներ եռանախագահ երկիրներու առաջարկներուն։
«Դուք գիտէք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով եղած է հինգ յայտարարութիւն։ Ատրպէյճան ամէն ձեւով կը խուսափի որեւէ յղում կատարելէ այդ յայտարարութիւններուն, ուր արտայայտուած են այն սկզբունքները, այն տարրերը, որոնք, ինչպէս բազմիցս նշած են համանախագահները, կատարուած են որպէս մէկ ամբողջութիւն ու մէկ սկզբունքի կամ մէկ տարրի տարանջանտումը անհնար պիտի դարձնէ կարգաւորումը։
«Մենք բազմիցս արտայայտուած ենք, որ պատրաստ ենք այդ առաջարկներուն վրայ շարունակել բանակցութիւնները ու երթալ կարգաւորման, Ատրպէյճան որեւէ դրական կարծիք չէ յայտնած այդ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ։ Միայն կը ձեւացնէ, որ պատրաստ է բանի մը, բայց ինչի՞ պատրաստ է։ Անոնք զանազան յայտարարութիւններ կ՚ընեն իրենց հանրային կարծիքին համար ու կը մտածեն, թէ դուրսը կը տպաւորեն ոեւէ մէկը։ Սա բոլորովին այդպէս չէ։ Պելկրատի մէջ եռանախագահներու յայտարարութեան կապակցութեամբ ես մեկնաբանութիւն տուի, կէտ առ կէտ անդրադարձայ։ Իսկ ի՞նչ մեկնաբանութիւն տուին ատրպէյճանցիները։ Չկայ որեւէ մեկնաբանութիւն, որովհետեւ այն ինչ որ կ՚ըսէին համանախագահները, մենք ալ կ՚ըսենք նոյնը»։
Աւելի վերջ լրագրող մը Նալպանտեանին հարց տուաւ, թէ Պեռնի բանակցութիւնները յստակ ի՞նչ արդիւնք ունեցած են, կարելի՞ է զանոնք համարել դրական։ Նախարարը այս կապակցութեամբ նշեց.
«Որեւէ հանդիպում՝ յատկապէս՝ նախագահներու մակարդակով, շատ կարեւոր է, որպէսզի այդ երկխօսութիւնը շարունակուի, բանակցութիւնները շարունակուին, քանի որ ինչպէս նշեցի, այլընտրանք չկայ։ Ինչքան յաճախ ըլլան այս հանդիպումները, այնքան աւելի շատ հնարաւոր է, գուցէ փոքր քայլերով, բայց քննարկումներ ըլլան թէ՛ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ տանելու իմաստով եւ թէ լարուածութեան նուազեցման դրութիւններու մշակման իմաստով։ Այդ հարցերն ալ ի հարկէ քննարկուած են։
«Գիտէք, որ եռանախագահները բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըրած են նաեւ այս ուղղութեամբ, հրադադարի խախտումներու, դէպքերու քննութեան դրութեան ստեղծման վերաբերեալ։ Մեր կողմէն բազմիցս ըսած ենք, որ պատրաստ ենք երթալու այդ դրութեան ստեղծման։ Ոչ միայն պատրաստ ենք, մենք ողջունած ենք այդ դրութեան ստեղծումը։ Ըսեմ աւելին, համանախագահները բազմիցս ներկայացուցած են այդ դրութեան ստեղծման մանրամասնութիւնները։ Կողմերը առնուազն երկու անգամ՝ Սոչիի մէջ կայացած երկու գագաթաժողովներու ժամանակ, խօսած են այդ մասին։ Դուք կրնաք նայիլ այդ գագաթաժողովներու արդիւնքին ընդունուած եռակողմանի՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնները, որոնց մէջ խօսքը կ՚երթայ այդ իսկ դրութեան ստեղծման մասին։ Այդ յայտարարութիւններուն մէջ որոշ պարտաւորութիւններ ստանձնուած էին, թէ կողմերը՝ եռանախագահներուն հետ միասին, պէտք է քննարկեն այդ դրութիւններու ստեղծումը։
«Այդ իսկ յայտարարութիւններէն յետոյ Ատրպէյճան քանի մը անգամ ետքայլ ըրաւ։ Այսօր մենք եւս քննարկեցինք այդ դրութեան ստեղծման առաջարկը։ Վերահաստատուեցաւ, որ հայկական կողմերը ներկայացուցած են իրենց դրական արձագանգը։ Սեպտեմբերին՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանակներէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, եռանախագահները վերահաստատեցին, թէ Հայաստան ընդունած է առաջարկը, ու կը սպասեն, որ Ատրպէյճանն ալ ընդունի։ Այդ հարցը դարձեալ արծարծուեցաւ այսօրուան հանդիպման ընթացքին։ Կը յուսանք, որ Ատրպէյճան վերջապէս այլ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ, որովհետեւ, եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք բանակցային գործընթացը յառաջ շարժել, ապա ասոր համար պէտք է համապատասխան մթնոլորտ ստեղծուի»։
Նալպանեանին Պեռնի մէջ հարց տրուեցաւ նաեւ, թէ եռանախագահները օրակարգի վրայ բերա՞ծ են շփման գծին վրայ հրասայլերու եւ հրետանիի օգտագործման հարցը։ Նալպանտեան պատասխանեց.
«Եռանախագահները թէ՛ այսօր դրած են այդ հարցը եւ թէ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ բարձրաձայնած են։ Եթէ նկատի ունենանք այս տարուան Յունուարէն սկսալ, համանախագահները հասցէական յայտարարութիւններ եւ կոչեր ըրած են, վերջինը՝ Պելկրատի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի շրջանակներէն ներս, որ բաւական կարեւոր ձեւաչափ մըն է։ Ամէն տարի Դեկտեմբերին այդ ձեւաչափին մէջ եռանախագահները հանդէս կու գան յայտարարութեամբ։ Այս վերջին յայտարարութեան մէջ շատ խիստ քննադատութիւն կար ծանր հրետանիի եւ տարբեր զինատեսակներու հետ զանազան տրամաչափի զինատեսակներու կիրառման իմաստով։ Եւ պարզ է, թէ որո՛ւ ուղղուած էր։ Ատրպէյճան, ի պատասխան այս մէկուն, փաստօրէն, ապտակ իջեցուց եռանախագահներուն ու գնաց զանազան զինատեսակներու օգտագործմամբ իրավիճակի առաւել սրման։ Սա է Ատրպէյճանի պատասախանը միջազգային հանրութեան առաջարկներուն, քանի որ համանախագահները ունին միջազգային հանրութեան լիազօրութիւնը եւ հանդէս կու գան անոր անունով»։
Նալպանտեանի նկատառման յանձնուեցաւ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի յայտնած տեսակէտը, թէ կարծես կայ լաւատեսութիւն։ Հայկական կողմը կը բաժնէ՞ միջնորդին լաւատեսութիւնը։ Հայաստան այսուհետեւ առհասարակ կրնա՞յ հրաժարիլ բանակցելէ։ Համապատասխան տրամադրութիւնները աճա՞ծ են, թէ պակսած։ Այս բոլորին շուրջ Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ.
«Ես պատասխանեցի այդ հարցին. տրամադրութիւնները կան, բանակցային գործընթացին այլընտրանք չկայ։ Հայաստան միշտ կողմնակից եղած է եւ կողմնակից պիտի ըլլայ բանակցութիւններու միջոցաւ հիմնախնդրի կարգաւորման։ Իսկ այդ դրական տրամադրութեան կամ լաւատեսութեան իմաստով՝ դիւանագէտները ընդհանրապէս պէտք է լաւատես ըլլան, որովհետեւ եթէ լաւատես չեն, ուրեմն դիւանագէտ չեն»։