ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը երէկ երեկոյեան Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ մեծարեց փոքրամասնութիւններու շրջանակները։ Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան, Մեւլանայի մահուան տարելիցին՝ Շէպի Արուսի ընձեռած առիթներուն համատեղումով կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որ միեւնոյն ժամանակ զուգադիպեցաւ հրէից Հանուքայի տօնի շրջանին։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտարի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթին ընթացքին Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի իմամ Պիլալ Տուրքայա եւ այլ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ։
Ինչպէս միւս փոքրամասնական համայնքներէն, նաեւ մեր համայնքէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր մասնակցեցան այս երեկոյթին։ Քաղաքապետարանի խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու Մուրատ Հազինէտարի հետ միասին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց համայնքային հրաւիրեալները։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։ Այս երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւ իրենց կո-ղակիցները։
Ընթրիքի ընթացքին Մուրատ Հազինէտար արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը, որու ընթացքին նուագուեցան նաեւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու երաժշտութիւններէն նմոյշներ։