ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹԻՖԼԻԶ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թիֆլիզ, ուր բարձր մակարդակի շփումներ պիտի ունենայ Վրաստանի ղեկավարութեան հետ։ Օր մը վերջ ալ՝ Դեկտեմբերի 23-ին, Թիֆլիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը՝ հինգերորդը իր տեսակին մէջ։ Չավուշօղլու այս առթիւ պիտի մէկտեղուի իր վրացի եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն՝ Կէորկի Քվիլիքաշվիլիի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ, քննարկելով տարածքաշրջանային համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները։ Թիֆլիզի մէջ երեք նախարարները աչքէ կ՚անցընեն նախապէս առնուած որոշումներու գործադրութեան ընթացքը ու կը նախանշեն ապագայ հնարաւորութիւնները։