ԲԵՄ, ԼՈՅՍ ԵՒ ԾԱՓԵՐ…

Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Գաբ­րիէլ Սուն­դու­կեան» պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը վեր­ջերս հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Վե­րա­նո­րո­գեալ թա­տե­րաս­րա­հէն ներս ար­դէն սկսան նաեւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը։ Թա­տե­րա­սէր­նե­րը այս շրջա­նին մայր թատ­րո­նի բե­մին վրայ կ՚ող­ջու­նեն «Պե­պօ»ի վե­րա­դար­ձը։

Ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քի կա­լա­յի պա­տուոյ հիւրն էր Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ ձեռ­նար­կին հե­տե­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ամիրեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Սարգ­սեան թատ­րո­նի շէն­քէն ներս ծա­նօ­թա­ցաւ նաեւ վե­րա­նո­րոգ­ման ու վե­րա­զին­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016