ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը գու­մա­րեց ժո­ղով մը։ Քննար­կում­նե­րուն շրջագ­ծով մաս­նա­ւո­րա­պէս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ռա­տիօաք­թիֆ թա­փօն­նե­րու եւ բա­նուած մի­ջու­կա­յին վա­ռե­լի­քի անվ­տանգ կա­ռա­վար­ման հա­յե­ցա­կար­գի վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մասն քննար­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան պատ­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու մաս­նակ­ցութեամբ։

Բաց աս­տի, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց զե­կու­ցում մը՝ յի­շեց­նե­լով, որ 2018 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ուս­տի, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ ստեղ­ծել այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաստ­ման ուղ­ղեալ միջ­նա­խա­րա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղով մը։ Յա­ռա­ջի­կայ մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն եւ անհ­րա­ժեշտ այլ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ պի­տի մշա­կուի ծրա­գիր մը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2016