ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան պատրաստ են երաշխաւորի դեր ստանձնել՝ Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւններու համար։ Այս երեք երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները երէկ Մոսկուայի մէջ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ Սուրիոյ առկայ իրավիճակին շուրջ։ Եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ տագնապը չունի ռազմական լուծում։ Միեւնոյն ժամանակ, Անգարա, Մոսկուա եւ Թեհրան վերահաստատած են իրենց յարգանքը՝ այդ երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատ-մամբ։ Համատեղ յայտարարութեան մէջ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան ձեւաչափը ամենաարդիւնաւէտը համարուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման համար։ Այս երեք երկիրները կը ձգտին միասնաբար պայքարիլ՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) եւ «Էլ Նուսրա»ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ։
Մինչ Հալէպի արեւելքէն քաղաքային ժողովուրդի տարհանումը կը շարունակուի, Մոսկուայի մէջ երէկ կարեւոր քննարկումներ ծաւալուեցան Սուրիոյ հարցին շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առթիւ տեսակցեցաւ իր ռուս եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Բանակցութիւններու մթնոլորտին վրայ անմիջականօրէն ազդեց Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլովի դէմ կատարուած մահափորձը։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով յարգանքով խոնարհեցան Քարլովի յիշատակին առջեւ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կազմակերպուած սգահանդէսի մը ընթացքին։
Միւս կողմէ, թուրք եւ ռուս դատաբժշկական մասնագէտներու կողմէ համատեղ կատարուած քննութենէ վերջ, երէկ, Քարլովի մարմինը սուգի արարողակարգով ուղարկուեցաւ իր երկիրը։ Մահափորձի վերաբերեալ հետաքննութիւնն ալ կը շարունակուի։