Վիրահայոց Թեմէն Ներս ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Դեկտեմբերի 16-ին, ոգեկոչուած է հայերէն տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակը:
Ձեռնարկը սկսած է Թիֆլիզի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երգչախումբին «Տէրունական» աղօթքի կատարումով, ապա «Հրաշափառ»ի հնչիւններուն ներքոյ՝ հանդիսաւորութեամբ դահլիճ բերուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը՝ Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին առիթով: Կոնդակը ընթերցած է Վիրահայոց Թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Խորէն Վրդ. Յովհաննիսեան:
Ցուցադրուած է տեսաերիզ՝ նուիրուած Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի ազգանուէր գործունէութեան, որուն իբրեւ արդիւնք՝ 1666 թուականին, 5 հազար օրինակ տպաքանակով, առաջին անգամ հայերէն Աստուածաշունչ տպագրուեցաւ:
Ձեռնարկը ամփոփած է Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան: Իր օրհնութիւնը յղելով ներկաներուն՝ թեմակալ առաջնորդը արժեւորած է հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան դերն ու նշանակութիւնը, գնահատելով զայն իբրեւ ազգայինի պահպանութեան, գիրի ու մշակոյթի զարգացման եւ քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եզակի միջոց:
Սրբազան Հայրը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ Սրբատառ Կոնդակով ամէնուրեք, ինչպէս նաեւ Վիրահայոց Թեմէն ներս, արժեւորուած եւ անմահացուած է Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակը:
Վիրահայոց Թեմի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Մակար Եկմալեան երգչախումբին կատարումով՝ հնչած են «Հայր մեր»ը, «Հրաշափառ վարանիմք», «Ով զարմանալի» եւ «Հրաշացան» շարականները՝ խմբավարութեամբ Սվետլանա Տատոեւայի։ Իսկ «Հայարտուն» կեդրոնի Ներսէս Շնորհալի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մարի Աբուլեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կարէն Միրզոյեանի, կատարած է Ներսէս Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ», Մեսրոպ Մաշտոցի «Հայոց գրեր» եւ Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Օրօրոցային» երգերը:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուած են 1733 թուականին Վենետիկի մէջ Մխիթար Սեբաստացի աբբահօր կողմէ հայերէն Աստուածաշունչի վերահրատարակութեան, 1786 եւ 1842 թուականներուն Տփխիսի, 1857 եւ 1895 թուականներուն Պոլսոյ եւ այլ տարիներուն հրատարակուած տպագիր օրինակները:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Վիրահայոց Թեմի հոգեւոր դասը, Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութենէն դիւանագէտներ, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիզահայ մտաւորականներ, հասարակական ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկի իրականացման մասնակցած են թեմի հոգեւոր դասը, «Հայարտուն» կեդրոնը, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը:
Ձեռնարկը աւարտած է Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով: