ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՆԱԵՒ ԵՐԿՐԷՆ ԴՈՒՐՍ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այս տարի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէ դուրս իրականացուցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ։ Հայկական արուեստը Հայաստանէն դուրս ներկայացնելու՝ պատկերասրահի նպատակը որոշ չափով յաջողած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատկերասրահի իրականացուցած աշխատանքները ամփոփած է պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան։

«Պատկերասրահին մէջ այս տարի կազմակերպած ենք 12 ցուցահանդէս։ Երկրէն դուրս եւս իրականացուցած ենք բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնցմէ շատերը մեծ արձագանգ եւ այցելուներ ունեցած են», ըսած է Ծատուրեան։

Ռուսական տպաւորապաշտ թանգարանին մէջ կայացած է «Հայկական էմփրեսիոնիզմ. Մոսկուայէն Փարիզ» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Ծատուրեանի խօսքով՝ ցուցհանդէսի համար եկած է օրական 2 հազար այցելու, բացման եւս եղած ե բազմաթիւներ այցելուներ, որոնք եկած են օտար երկիրներէ։ Ցուցահանդէսը արժանացած է մեծ արձագանգի։

«Այս տարուան աշխատանքներէն կը կարգեւորենք մեր առցանց խանութի բացումը, ուր ներկայացուած են թանգարանի հրատարակած գիրքերն ու թողարկած յուշանուէրները։ Կայքի շնորհիւ կարելի է պատուիրել նաեւ պատկերասրահի հաւաքածոյի վերատպութիւնները։ Սկսած ենք նաեւ մեր արխիւի թուայնացման ծրագրին։ Ան հասանելի կ՚ըլլայ կամ անվճար կամ չինչին գումար մը վճարելով», ըսած է Ծատուրեան։

Մեծ աշխատանք կատարուած է նաեւ թանգարանի անվտանգութեան ապահովման գծով։ Տեղարդուած են 76 տեսախիցիկներ։

Ան անդրադարձած է նաեւ Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ունեցած է շուրջ 44 հազար այցելու։

«Ցուցահանդէսը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Հայաստանէ դուրս։ Ունեցած ենք աննախադէպ թիւով այցելուներ՝ շուրջ 44 հազար։ Ուսումնասիրած ենք նաեւ արխիւը, եւ եօթանասուն տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ որեւէ ցուցահանդէս չէ եղած, որ երեք ամսուան ընթացքին հիւրընկալած ըլլայ 44 հազար այցելու», ըսած է Ծատուրեան։

Այցելուներուն 18 հազարը եղած են դպրոցականներ, 20 հազարը՝ պարզապէս քաղաքացիներ, 8 հազարը՝ թոշակառուներ եւ 7 հազարը՝ ուսանողներ։

Աննախադէպ թիւով այցելուներու հոսքը պատկերասրահի տնօրէն կը համարէ ժամանակակից PR փորձագիտութիւններու օգտագործման արդիւնք։ «Այվազովսքիի 150-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն մը եւս եղած է, սակայն ոչ այս ծաւալով։ RP խումբի հետ լաւ մօտեցում գտած ենք։ Բերած ենք նաեւ կտաւ, որ երբեւիցէ չէր եղած Հայաստանի մէջ», նշած է Արման Ծատուրեան։

Պատկերասրահի տնօրէնը կարեւորած է նաեւ ոչ միայն բուն ցուցահանդէսը, այլ նաեւ Այվազովսքիի նուիրուած երկօրեայ գիտաժողովը, որ գրեթէ համապատասխանած է միջազգային մակարդակի գիտաժողովներուն։

Ինչպէս ծանօթ է, Յովհաննէս Այվազովսքիի ծնըն-դեան 200-ամեակին նուիրուած «Յովհաննէս Այվազովսքի. Արարում» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուած է Սեպտեմբերի 14-ին։ Ներկայացուած են 52 գեղանկարչական, 26 կրաֆիքական, 1 կիրառական եւ 20 վաւերագիր աշխատանքներ։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017