ԱՐԴԱՐ ՊԱՐԾԱՆՔ

Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու երէկ այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը, ինչ որ շատ յատկանշական իրադարձութիւն մը եղաւ Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ։ Տարօն Աճէմօղլու Արամեան-Ունճեան վարժարանի նախկին սաներէն մին է եւ դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ ի վեր առաջին անգամ, տասնամեակներ անց վերադարձաւ այնտեղ։ Որպէս Արամեան-Ունճեան վարժարանի սան ան Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ շատ եզակի անուն մըն է, սակայն իր առանձնայատկութիւնը սահմանափակուած չէ այդքանով։ Արդարեւ, Տարօն Աճէմօղլու, միեւնոյն ժամանակ, վարժարանի երախտաշատ եւ անմոռանալի տնօրէնուհիներէն հոգելոյս Իրմա Աճէմեանի որդին է։ Այս բոլոր հանգամանքները երէկուան այցելութեան վերագրեցին արտասովոր իմաստ մը։ Բնականաբար, ամէն բանէ առաջ, դպրոցին տեսակէտէ Տարօն Աճէմօղլու այսօր արդար պարծանք մըն է։ Ան միջազգային հարթութեան վրայ հեղինակութիւն կը վայելէ՝ որպէս գիտնական եւ մտաւորական։

Երէկուան այցելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր կարգ մը գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ։ Տարօն Աճէմօղլու դպրոց հասնելէ վերջ հիւրասիրուեցաւ տնօրէնութեան սենեակին մէջ, իսկ աւելի վերջ շրջայց մը կատարեց դպրոցէն ներս։ Սրահին մէջ իրեն այցելութեան առթիւ կազմակերպուած էր հանդիսութիւն մը՝ հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլուի հսկողութեան ներքեւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Գատըգիւղի ընտանիքը մօտաւոր անցեալին մասնաւոր հանդիսութիւնով մը վերյիշած էր հոգելոյս տնօրէնուհի Իրմա Աճէմեանը։ Երէկուան այցելութեան առթիւ այդ հանդիսութեան յայտագրին որոշ հատուածները կրկնուեցան։ Աշակերտները հանդէս եկան Իրմա Աճէմեանի ստեղծագործութիւններու արտասանութիւններով։ Աւարտին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց Տարօն Աճէմօղլուի այցելութեան համար եւ Սարվէն Սերթշիմշէքին հետ յուշանուէր մը յանձնեց յայտնի տնտեսագէտին։ Այս փուլին Տարօն Աճէմօղլուն ալ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ ընդգծեց, որ Արամեան-Ունճեան վարժարանը միշտ կը յիշուի որպէս որակեալ կրթօճախ մը։

Նկատի ունենալով, որ Տարօն Աճէմօղլուի ծրագիրը բաւական ծանրաբեռնուած էր՝ ան յետմիջօրէի ժամերուն արդէն հրաժեշտ առաւ Արամեան-Ունճեան վարժարանէն, ուր երէկ իր կատարած այցելութեան բերումով ապրուեցաւ տօնական օր մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019