ՄԻՇՏ ԱՐԴԻ ՈՒ ՎԱՌ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անմահ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութիւն մը։ Միութեան հաւաքատեղին այս առթիւ ժամադրավայրը հանդիսացաւ գրասէրներու։ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ անցաւ իսկապէս փայլուն։ Յոբելեանի իմաստն ու նշանակութիւնը մէկ կողմէ ցոլացան այս ձեռնարկով, իսկ միւս կողմէ հերթական անգամ պարզուեցաւ, որ Օտեանի պատգամը, թողած գրական ժառանգութիւնը միշտ արդի են ու վառ։ Երեկոյթը պատուեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի նախաձեռնութեամբ կազմակեր-պըւած այս երկլեզու ձեռնարկի յայտագիրը կը բաղկանար երկու բաժնէ։ Տառապանքի ու երգիծանքի գրողը՝ Երուանդ Օտեանի յիշատակին ձօնուած այս հանդիսութեան ընթացքին խոշորացոյցի տակ բերուեցան անոր երգիծանքը, յուշերը, ստեղծագործութիւններն ու գրական ժառանգութիւնը։ «Օտեանը երէկ եւ այսօր» խորագրեալ առաջին բաժնին մէջ քննարկման առարկայ դարձաւ իր կողմէ հեղինակուած «Հայ տիասբորան» վէպը։ Ասուլիսի ձեւաչափին մէջ քննարկում մը ծաւալուեցաւ այս վէպին մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, գործը հրատարակուած է նաեւ թրքերէնով եւ այդ թրքերէն հրատարակութեան խմբագիրը՝ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ երէկուան հիմնական ատենախօսներէն մին էր։ Քըն-նարկման մասնակցեցան նաեւ վէպին թարգմանիչը՝ Գէորգ Թաշքըրան եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։
Երկլեզու հանդէսի երկրորդ բաժնին մէջ թատերական ընթերցման ձեւաչափով ներկայացուեցաւ «Զավալլըն» թատերակը։ Այս գործը Օտեան գրի առած էր 1905 թուականին եւ առաջին անգամ բեմադրուած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Երէկուան ձեռնարկին ժամանակ ընթերցումը կատարեցին Եղիա Աքկիւն, Պերճ Արապեան, Պօղոս Չալկըճօղլու, Արի Թաշ եւ Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու։
Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու եւ Սեւան Աթաօղլու։ Իսկ Զեքիեան Գերապայծառ արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին շեշտը դրաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ Պոլսոյ բարբառի կարեւորութեան վրայ։ Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սրահը լեցուցած գրասէրները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ եւ շնորհաւորեցին ձեռնարկին մասնակիցները։