ՍՈՒԳԸ ԶԳԱԼԻ ԷՐ, ՀԱՊԱ՞ ԶՂՋՈՒՄԸ…

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրուան առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած եռօրեայ սուգը կ՚եզրափակուի այսօր։

Շաբաթավերջին համայն հայութիւնը սգաց նահատակներու կորուստը եւ հերթական անգամ խոնարհեցաւ անոնց լոյս յիշատակին առջեւ։

Յամենայնդէպս, մթնոլորտը երկրէն ներս ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակէն բոլորովին անկախ չէր։ Հռչակուած սուգին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան յիշատակի երթ մը իրականացուցին Երեւանի Հանրապետութան հրապարակէն մինչեւ Եռաբլուր։ Վարչապետը անվտանգութեան չափազանց խիստ պայմաններու ներքեւ մասնակցեցաւ այս սգահանդէսին։ Նահատակաց պանթէոնի մուտքին բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան իրեն դէմ։ Ոմանք փորձեցին արգիլել իր մուտքը Եռաբլուր։ Յամենայնդէպս, ոստիկանութեան միջամտութեամբ Փաշինեան մուտք գործեց նահատակաց պանթէոնի տարածքը։ Ան շրջեցաւ թարմ շիրիմներուն մէջ, զրուցեց նահատակներու մերձաւորներուն կամ ընտանիքներուն հետ։ Ուշագրաւ էր, որ հակառակ յայտարարուած սուգին, Եռաբլուրի մէջ վարչապետի համակիրները հանդէս եկան վանկարկումներով. «Նիկոլ, վարչապետ»։

Ընդդիմադիր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ն ալ ուրբաթ երեկոյեան դէպի Եռաբլուր կազմակերպած յիշատակի երթէն վերջ, շաբաթ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ իրականացուց հանրահաւաք մը։ Դարձեալ բազմութիւն էր հրապարակը, ուր «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան ըսաւ. «Պատերազմը չկայ, բայց մենք կը շարունակենք տալ եւ տալ։ Եթէ այսպէս շարունակուի, շուտով Հայաստանը աշխարհի քաղաքական քարտէսէն կամ պիտի ջնջուի եւ կամ խղճուկ բան մը պիտի դառնայ եւ անոր ոչ մէկը ուշադրութիւն պիտի ցուցաբերէ»։ Իր կարգին, ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանն ալ ըսաւ. «Ժամանակը կը ձգեն, որպէսզի սառեցնեն իրավիճակը։ Բայց չեն հասկնար, որ արիւնը չի սառիր։ Այս բոլորի մեղաւորը իրենք են, վարչապետն է, որ պէտք է ժամ առաջ հրաժարական տայ»։

Նահատակներու յիշատակին յայտարարուած սուգը թէեւ պետական բնոյթ կը կրէր, սակայն գործնականին մէջ ան վերածուեցաւ կառավարականի։ Եթէ նոյնիսկ պահ մը հասկնալի համարուի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան բեւեռացումը, ապա կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները առանձին էին իրենց իրականացուցած երթին ժամանակ։ Թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ իշխանութիւնը զիրար մեղադրեցին սուգը քաղաքականացնելու համար։ Կառավարութեան ներկայացուցիչներու մասնակցած երթին չմասնակցեցաւ նոյնիսկ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Սա ակնյայտ զգուշութիւն մըն էր՝ թէ՛ շահարկումները կանխելու եւ թէ իշխանութեան հետ այդ իրավիճակին մէջ չշփուելու տեսակէտէ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ արդէն առանձնապէս այցելեց Եռաբլուր, ուր ծաղիկներ խոնարհեց նահատակներու թարմ շիրիմներուն վրայ, նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանին առջեւ։

Կարճ խօսքով, համատարած սուգը զգալի էր շաբաթավերջին՝ ինչպէս միշտ։ Բայց եւ այնպէս, ի շարունակութիւն այդ սուգի տրամադրութեան՝ այդքան ալ զգալի չէր զղջումը, որու հիմնական դրսեւորումը պէտք է ըլլայ հաւաքական շահու համար ցուցաբերուելիք զոհողութիւնը։ Առանց այդ զղջումի խոր գիտակցութեան եւ անոր շօշափելի դրսեւորումներուն՝ սուգը կը մնայ պարզապէս ձեւականութիւն։ Մեծ հաշուով, Հայաստան արդէն կը մնայ համապատասխան սուր երկընտրանքի  մը առջեւ՝ ձեւականութեան եւ իրականութեան միջեւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020