ԽԱՂԱՂ ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի 11-րդ նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Այս առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Երկու վարչապետները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Միջկառավարական յանձնաժողովի ձեւաչափին մէջ ծաւալուած քննարկումներուն ժամանակ վարչապետներու կողքին էին երկու հարեւան երկիրներու կառավարութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ ներառեալ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները։ Երկկողմանի ծաւալուն օրակարգի խնդիրներու արծարծման առընթեր, Փաշինեանի եւ Ղարիպաշվիլիի գլխաւորութեամբ՝ երէկ Երեւան-Թիֆլիզ առանցքին վրայ արժեւորուեցան Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները։ Միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի ելոյթին ժամանակ Ղարիպաշվիլի շեշտը դրաւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղ հարեւանութեան վրայ։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ Հայաստան եւ Վրաստան բարեկամական յարաբերութիւնները կը նպաստեն տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, թէ՛ Ղարիպաշվիլի եւ թէ Փաշինեան երէկ շեշտեցին, որ երկու հարեւաններու յարաբերութիւնները ներկայիս ամենադրական վիճակին մէջ կը գտնուին։ Ներկայիս երկու երկիրները որդեգրած են իրենց ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները 1 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակը։

«Մենք շահագրգռուած ենք, որ մեր շատ սերտ, բարեկամական յարաբերութիւնները նպաստեն իրական գործին՝ զարգացնելու առեւտրատնտեսական կապերը, խօսելու տարածաշրջանային, ենթակառուցուածքներու եւ այլ նախագիծերու մասին, որոնք հետաքրքրական կ՚ըլլան մեր երկիրներուն», ըսաւ Ղարիպաշվիլի երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ՝ ընդգծելով, որ վրացական կողմը հետաքրքրուած է տարածաշրջանի կայունութեամբ։ Իր խօսքով՝ Թիֆլիզ հաստատակամ է ու մշտապէս պատրաստ՝ տարածաշրջանի ծաւալով խաղաղութեան ու կայունութեան զարգացման ուղղութեամբ իր ներդրումը բերելու։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ համոզուած է, թէ Հայաստան-Վրաստան տնտեսական համագործակցութեան խորացման կարեւորագոյն նախադրեալներէն մին է փոխադարձ վստահութիւնը, ինչ որ խարսխուած է երկու հարեւան ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան վրայ։

Փաշինեան շեշտեց, որ երկկողմանի ձեւաչափի մէջ այս տարի արդէն չորս հանդիպում տեղի ունեցած է երկու երկիրներու վարչապետներուն միջեւ։ «Մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ նման թափ մը նախապէս երբեք չէ եղած ու մեր մեծագոյն խնդիրն է այս բոլորի արդիւնքով տնտեսական համագործակցութեան նոր մակարդակ մը ձեւաւորել։ Մեր քաղաքական յարաբերութիւններու աւանդական բարձր մակարդակը առաւել հաստատութենական դարձնելու կարիքն ու անհրաժեշտութիւնը ունինք», յայտնեց ան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021