ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մարսէյլի մէջ ստեղծուած է նոր մանկական երգչախումբ մը։ Սահակ-Մեսրոպ մշակոյթի կեդրոնի վարչական խորհուրդը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուած է, որ «Էջմիածին» կը կոչուի նորաստեղծ մանկական երգչախումբը։

Մարսէյլի Ս. Թարգմանչաց Մայր տաճարի յարակից կը գործէ այս մշակոյթի կեդրոնը։ Նորաստեղծ մանկանց երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը վստահուած է Արամ Բալեանի։ Եկեղեցւոյ յարակից «Ջրբաշեան» սրահի երդիքին տակ շաբաթը երկու անգամ փորձ նախատեսուած է։ Նախաձեռնարկ մշակոյթի կեդրոնը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի նորաստեղծ երգչախումբի փորձերուն ներգրաւուին այն բոլոր երեխաները, որոնք կը սիրեն հայ ազգային, աւանդական ու հոգեւոր երգը։ Նորաստեղծ երգչախումբի առաջին փորձը նախատեսուած է յառաջիկայ տարեմուտին՝ 12 յունուար 2022 թուականին, Ս. Ծնունդէն անմիջապէս վերջ։

Մարսէյլի մէջ կը գործէ հայկական սփիւռքի ամենանշանաւոր երգչախումբերէն մին՝ Ս. Թարգմանչաց Մայր տաճարի Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբը։ Նախկին պոլսահայի մը՝ Խաչիկ Եըլմազեանի տասնամեակներու ջանքերով կայացած, յաւակնոտ խումբ մըն է այդ մէկը։ Նկատի ունենալով, որ Մարսէյլի շրջանին մէջ կուտակուած է լուրջ մարդուժ՝ այժմ նոր մանկանց երգչախումբի մը ստեղծման նախաձեռնութիւնն ալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայկական մշակութային կեանքի կենսունակութեան երկարաժամկէտ ապահովման տեսակէտէ։ Նորաստեղծ «Էջմիածին» մանկանան երգչախումբի յաջողութեան տեսակէտէ նպաստաւոր գործօն մըն է, որ Մարսէյլի մէջ կը գործէ հայկական ամենօրեայ վարժարան մը՝ Համազգայինի հովանաւորութեան ներքեւ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորաստեղծ խումբին եւ իր ղեկավար Արամ Բալեանին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2021