ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻՆ ՎԵՐԱՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ

Ատրպէյճանի բեմադրած «բնապահպանական» գործողութիւնը այս փուլին կը հասնի իր աւարտին: Յայտարարութիւնները նկատի առած՝ «բնապահպաններ»ը կ՚առաջադրէին կենսոլորտային խնդիրներ լուծել, միաժամանակ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնել, թէ «Ատրպէյճանի տարածքներուն» մէջ հայերը կը շահարկեն Ատրպէյճանի բնական հարստութիւնները:

Ասիկա շղարշային բաժինն է: Բնապահպանական պատրուակներով մարդասիրական աղէտ ստեղծել, կենսական ճանապարհ մը փակել եւ կազատար խողովակը խափանել՝ Արցախի բնակչութիւնը զրկելով ջեռուցման հնարաւորութենէն: Միջազգային արձագանգները կարելի է դասակարգել՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա: Պահանջը հետզհետէ հասցէական կը դառնայ եւ բնապահպանականէն պետական հարթութիւն կը տեղափոխուի խնդիրը: Արցախի հարցի վերամիջազգայնացման նախադրեալներ կը պարզուին այս ձեւով, ինչ որ նաեւ մտածել կու տայ, թէ Ատրպէյճանի նախաձեռնած այս գործողութիւններու շարքը կրնայ հակառակ ազդեցութեան գործօնի մը վերածուիլ:

Փորձենք նկատել, թէ ի՞նչ առաւելներ կրնայ ապահովել հայկական կողմը:

Նախ արձանագրենք, որ Ատրպէյճան ունի երկու հիմնական խնդիրներ, զորս կ՚ուզէ լուծել անմիջականօրէն: «Զանգեզուրի միջանցք»ն ու իր նախասիրած քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Պաքուի ռազմաքաղաքական վարքագիծը ծանօթ է: Բերձորի միջանցքի փակման եւ նոր երթուղիի բացման համար Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը յարձակեցան Արցախի տարածքներու վրայ։ Բերձորի միջանցքը փակուեցաւ եւ բացուեցաւ նոր երթուղին, նոր միջանցքը: Նոյն զօրքերը ներխուժեցին Հայաստանի տարածքներ՝ արագացնելու համար սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Հիմա բնապահպանական ուժեր երկրորդ անգամ ըլլալով փակեցին Բերձորի նոր միջանցքը՝ պատրուակելով ընդերքներու, հանքավայրերու շահարկումներն ու անոնց հետ կապուած թէ՛ կենսոլորտային եւ թէ՛ բնական հարստութիւններու պատկանելիութեան խնդիրները:

Թէեւ շղարշուած, այնուամենայնիւ, պարզ է բուն նպատակը: Ատրպէյճան այս ձեւով կ՚ուզէ արագացնել 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը ի՛ր իսկ պատկերացումով: Ճանապարհներու ապաշրջափակումը՝ Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապը «Զանգեզուրի միջանցքով»: Միջանցք-միջանցքի դիմաց թուրք-ատրպէյճանական առաջադրանքը երանգային վերափոխումով այսօր կը վերածուի ճանապարհային կարգավիճակ-ճանապարհային կարգավիճակի դիմաց բանաձեւի: Այլ խօսքով, Նախիջեւան-Ատրպէյճան բացուելիք ճանապարհին, եթէ հայկական կողմը անցակէտեր տեղադրելու ծրագիր ունի, ապա Ատրպէյճան եւս անցակէտեր պիտի տեղադրէ Բերձոր-Արցախ ճանապարհին: Յամենայնդէպս, երկու պարագաներուն ալ, ըստ հրադադարի յայտարարութեան վեցերորդ եւ իններորդ կէտերուն, արձանագրուած է ռուսական զօրքերու ապահովական վերահսկողութեան բաժինը: Այս բոլորին մէջ նախ նկատենք, որ ո՛չ սահմանազատումը իրականացած է, ո՛չ ալ «Զանգեզուրի միջանցք»ը՝ հակառակ (…) շտապողականութեան:

Հիմա տեսնենք անմիջականօրէն եւ ստեղծուած այս վիճակին մէջ հայկական կողմի հաւանական առաւելներ ապահովելու առիթը: Բնապահպանական գործողութիւնը չէ յաջողած: Միջազգային ընտանիքը՝ մարդասիրական աղէտի ահազանգումով կը պահանջէ ճամբուն վերաբացումը: Այստեղ ըմբռնելի է, որ մարդասիրական մօտեցումը չէ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչ պետութիւններու յայտարարութիւններուն մղիչ գործօնը՝ որքան Ռուսաստանի տիրոյթի մէջ հակակշիռ գօտիներ ձեւաւորելը: Երբ կ՚ահազանգուի մարդասիրական աղէտի մասին, այդ մէկը կ՚ենթադրէ կենսական անմիջական օժանդակութիւններու տրամադրում: Այդ օժանդակութիւնները կրնան գումարային տեսք ունենալ, իսկ աւելի անմիջականօրէն՝ սնունդի, դեղօրայքի կամ կենսական այլ նիւթեր տեղ հասցնելու առաքելութեան: Աղէտ կանխարգիլելու անմիջականութիւնը կ՚ենթադրէ ամենէն արագ միջոցներով շրջափակուած ժողովուրդին հասնելու հրամայականը: Դէպի Արցախի ժողովուրդ միջազգային զօրաշարժի նախադրեալները կ՚երեւին այս իրավիճակին մէջ։

Հրատապութիւնը ուրեմն ամէն տեսակ ճանապարհ նկատի կ՚ունենայ տեղ հասնելու համար: Իսկ այս առումով ցամաքային փակ ճամբան կրնայ փոխարինել օդայինը, ինչ որ իր հերթին կը մղէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հաւանականութեան բարձրացման: Իսկ այստեղ պարզ է, որ քաղաքական ի՛նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ՝ միջազգային ճանաչում չունեցող հանրապետութեան մը օդակայանի գործարկումը:

Քաղաքական առաւել կրնայ արձանագրուիլ, որովհետեւ աւելիով կը հիմնաւորուի «ճանաչում յանուն փրկութեան» բանաձեւումը։ Այլ խօսքով՝ ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի իրացման անյետաձգելիութիւնը: Ատրպէյճանին մաս չկազմելու եւ անկախ ապրելու իրաւունքը աւելի քան արդարացուած է՝ ցեղային զտման չենթարկուելու համար: Անկախ կարգավիճակը բացարձակ պայման է ցեղային զտման չենթարկուելու համար:

Բնապահպաններու առաջադրած խնդիրներու լուծման համար բանակցելի կողմը Ստեփանակերտն է: Ստեփանակերտի իշխանութիւններու համապատասխան  մարմիններու ներկայացուցիչները՝ իբրեւ ճանչցուած միաւորներ, պիտի ներկայանան բանակցութիւններուն թէ՛ ճամբու բացման, թէ՛ բնապահպանական խնդիրներու համար: Եւ որովհետեւ հարցը դուրս եկած է կենսոլորտային սահմաններէն, անոնք բնականաբար պիտի բանակցին քաղաքական խնդիրներու շուրջ։ Այս բոլորը նախադրեալներ են, որպէսզի Ստեփանակերտ բանակցային սեղան վերադառնայ:

Վերջապէս, միջազգային արձագանգով, մարդասիրական աղէտին առընթեր ցեղային զտումի վտանգի միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծումով հետզհետէ Արցախի հակամարտութիւնը կը վերամիջազգայնանայ: Պաքու կը ձախողի «Արցախի հարցը անցեալ է» իր առաջադրանքին մէջ: «Բնապահպանական» այդ գործողութիւնները կրնան ծառայած ըլլալ հակամարտութեան ձեւակերպումը վերադարձնելու իր էութեան. բան մը, որ հիմնովին փոխուած էր 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններով դարձած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւն: Հիմա առիթ կայ հակամարտութեան՝ Ատրպէյճան-Արցախ ձեւակերպումը վերաամրագրելու:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022