ՄԱԿ-Ի ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՀՐԱՏԱՊ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Լաչինի միջանցքի փակման հարցը ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ եկաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ գրեթէ բոլոր երկիրները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հաւանական հետեւանքներուն կապակցութեամբ։

ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին կոչ ուղղեց, որպէսզի քայլեր առնուին եւ Ատրպէյճանէն պահանջուի դադրեցնել Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել այդ նրբանցքին մէջ։ Դեսպան Մհեր Մարգարեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան զանգուածային արշաւի մը սկսած է Լաչինի միջանցքէն ներս՝ պետական հովանաւորութեամբ։ Մտացածին պատրուակով կազմակերպելով Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը՝ Ատրպէյճան թիրախաւորած է 120 հազար հոգի։ Առնուազն 1100 քաղաքացիներ այս պահուն չեն կարողանար վերադառնալ իրենց տուները, երեխաները բաժանուած են իրենց ծնողներէն, ընտանիքներէն, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու տրամադրումը խաթարուած է՝ հասցնելով կեանքին սպառնացող իրավիճակներու։ Դեսպան Մարգարեան յիշեցուց նաեւ, որ Ատրպէյճան քանի մը օր առաջ Արցախի կազամատակարարումը դադրեցուցած էր եւ այս քայլը ազդած էր դպրոցներու գործունէութեան վրայ՝ երեխաները զրկելով կրթութեան իրաւունքէն։ «Ահազանգող իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մօտ է մարդասիրական աղէտի վերածուելու։ Հակառակ խաղաղապահ ուժերու ջանքերուն, Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու բանակցութիւնները, որոնք նպատակ ունին վերականգնել միջանցքի ապահով եւ անխաթար շահագործումը, առ այսօր որեւէ արդիւնք չէ ապահոված», ըսաւ ան։ Հուսկ, Մհեր Մարգարեան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց, որպէսզի քայլերու ձեռնարկէ եւ Ատրպէյճանէն պահանջէ լիարժէքօրէն յարգել 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութեան դրոյթները եւ անմիջապէս ու անվերապահօրէն վերացնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը՝ վերացնելով նաեւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան անվտանգ եւ ապահով կազմակերպման բոլոր խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Լաչինի միջանցքին մէջ՝ գնահատելու համար տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը, ապահովելու համար ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու տեսակէտէ անխոչընդոտ հասանելիութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ՝ մարդասիրական նպատակներով։Քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները։ Մշտական անդամ հինգ երկիրներէն Ռուսաստանի ներկայացուցիչը յայտնեց, թէ կ՚ակնկալեն, որ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միացնող Լաչինի միջանցքով փոխադրութեան հաղորդակցութեան վերականգնումը տեղի կ՚ունենայ մօտ ժամանակներս։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը ըսաւ. «Լաչինի միջանցքի տեղաշարժի խոչընդոտը ետ կը մղէ խաղաղութեան գործընթացը՝ խաթարելով միջազգային վստահութիւնը այս գործընթացին նկատմամբ ու կրնայ պատճառ դառնալ հաւանական ծանր մարդասիրական հետեւանքներու։ Կոչ կ՚ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար հնարաւորինս արագ ապաշրջափակել Լեռնային Ղարաբաղը»։

Ֆրանսայի ներկայացուցիչն ալ յիշեցուց եւ ընդգծեց 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ երաշխաւորել քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։ «Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մեզ շատ մտահոգած են։ Երկու հանգամանք կ՚ուզեմ ընդգծել։ Նախ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են։ Լաչինի միջանցքի արգելափակման ուղիղ հետեւանքն է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մեկուսացումը, մարդասիրական հետեւանքները օրէ օր կը վատթարանան», ըսաւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը։

Չինաստանի ներկայացուցիչն ալ յոյս յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը հանգուցալուծուի հնարաւորինս արագ։ «Մենք կը հաւատանք, թէ Լաչինի միջանցքի շուրջ վէճերը պէտք է լուծուին երկխօսութեան միջոցաւ։ Ռուսաստան այս ուղղութեամբ շատ աշխատանք կատարած է, ինչ որ կ՚ողջունէ Չինաստան։ Մենք կը յուսանք, թէ Ռուսաստանի եւ այլ մտահոգ կողմերու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վէճը Լաչինի միջանցքի շուրջ կը հանգուցալուծուի հնարաւորինս արագ։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հարեւաններ են եւ համատեղ անվտանգութեան, համագործակցութեան հասնիլը կը համապատասխանէ անոնց շահերուն», ըսաւ Չինաստանի ներկայացուցիչը եւ աւելցուց, որ իր երկիրը կը խրախուսէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, որպէսզի Ռուսաստանի եւ այլ կողմերու միջնորդութեամբ լուծեն իրենց միջեւ առկայ վէճերը։

Իր կարգին, Անգլիոյ ներկայացուցիչն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը կրնայ մարդասիրական լուրջ հետեւանքներ ունենալ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ խորհրդարանէն ներս երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով ըսաւ. «Լաչինի միջանցքի պատասխանատուն Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնն է։ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութիւնով Լաչինի միջանցքի պատասխանատուութիւնը յանձնուած է Ռուսաստանի Դաշնակցութեան»։ Ան աւելցուց, որ Հայաստան գործնականօրէն ամէն ինչ կ՚ընէ Արցախի կացութիւնը երաշխաւորելու համար։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւան երկիրներն ալ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Երէկ Թեհրանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի յոյս յայտնեց, թէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման դադրեցման հարցը կը լուծուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջոցաւ եւ խաղաղ ճանապարհով։ «Իրան միշտ շեշտը դրած է այն հանգամանքին վրայ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կրակի դադրեցման մասին եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներու ամբողջական կատարումը կրնայ վերջ դնել երկու երկիրներու միջեւ տարաձայնութիւններուն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ թոյլ չտալ որեւէ անտեղի լարուածութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022