ՊԱՇԱՐՈՒՄ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐ

Այսօր շուրջ տասն օրն է, որ Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակուած։ Ճիշդ է, որ ցարդ մարդասիրական լուրջ խնդիրներ չկան Արցախի մէջ, սակայն իրադրութիւնը հետզհետէ կրնայ վատթարանալ եւ արցախցիք, որոնց թիւը կը գնահատուի 120 հազար, կրնան բարդ խնդիրներու առաջ յայտնուիլ։

Լաչինի ճանապարհի փակումէն շաբաթ մը անց աւելի քան պարզ կ՚երեւի, որ այս տագնապը խորքին մէջ Ատրպէյճան-Հայաստան կիսատ մնացած խօսակցութեան հետեւանքով առկայ «պարապ»ը լեցնելու փորձ մըն է։ Ճիշդ է, որ Պաքուն է այս խնդիրը առաջադրողը, սակայն, աւելի քան վստահ պէտք է ըլլալ, թէ այս խաղին մէջ Մոսկուան ունի կարեւոր ներկայութիւն մը։ Եթէ պահ մը մէկդի դնենք այդ մօտեցումը, տեղ մը արդէն արար աշխարհին պարզ կը դառնայ, թէ խաղաղապահ առաքելութեան համար իր զօրքերէն հատուած մը Արցախի հողերուն վրայ տեղադրած Ռուսաստան սկսած է անզօր դառնալ։ Քիչ մը ետ երթալով այստեղ հարկ է փակագիծ մը բանալ յիշեցնելու համար այդ մեծ խանդավառութիւնը, որ ամբողջ հայութիւնը ունեցաւ, երբ 2020 թուականի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Ռուսաստան զօրքեր ուղարկեց դէպի Արցախ։ Այդ խանդավառութեան մէջ կար նաեւ մեծ յոյս (մանաւանդ անոնց կողմէ, որոնք կը հաւատային, թէ Ատրպէյճանի ուժերուն կողմէ գրաւուած Շուշին եւ Հադրութը դարձեալ եւ Ռուսաստանի միջամտութեամբ պիտի անցնէին հայոց ձեռքը), թէ գետնի վրայ ինչ-որ պատկեր պիտի փոխուի եւ Ռուսաստան հնարք մը պիտի կատարէ եւ ստեղծուած կացութիւնը շրջէ։ Ժամանակի ընթացքին մարեցաւ այդ խանդավառութիւնը, իսկ այսօր առկայ պատկերը ցոյց կու տայ աւելի տագնապալի վիճակ մը, որ կը խօսի Արցախի խաղաղապահ առաքելութեան մահուան մասին։

Այո՛, առանց մեր մատներու ետին պահուըտելու՝ յստակ է արդէն, որ նոյնիսկ մարդասիրական միակ անցքի փակումին դիմաց ձեռնածալ կանգնած խաղաղապահներու մօտեցումը եւ անոնց դէմ իբրեւ թէ բնապահպանական նպատակներով միջանցքը փակած ատրպէյճանցիներու ծաղրն ու նուաստացումը նախ եւ առաջ կրակոց է Ռուսաստանի դէմ։

Ի հարկէ, կրակոցի տեսակներ ալ կան ու չի բացառուիր, որ մղուած ըլլալով իր արտաքին մեծ շահերէն ու իյնալով «մենք մեծ տէրութիւն ենք, հետեւաբար բարդոյթներ չունինք» թակարդին մէջ՝ Ռուսաստան ինքն է որ կը համաձայնի այս վիճակին։ Անշուշտ, սա  երկար ժամանակի վրայ ազդեցութեամբ վիճակ մը պիտի ըլլայ եւ Արցախի մասին վերլուծող կամ Ատրպէյճան-Հայաստան խնդրին հետեւողներուն համար պիտի ստեղծէ այնպիսի պատկեր մը, որով Ռուսաստանի նախկին «համաձայնեցնող» դերը հասած է իր աւարտին։ Ճիշդ է, որ Ռուսաստան տակաւին ունի քանի մը բանալիներ, որոնց մէկ ծայրը կրնայ հասնիլ մինչեւ Սուրիա, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը մեզի համար առաջնային չեն. առաջնային չեն, որովհետեւ մենք ունինք մարդասիրական լուրջ հիմնախնդիր եւ մեր հայրենակիցները դարձած են անզօր՝ Պաքուի կողմէ գործի դրուած կեղծ պատրուակներուն դիմաց։ Անոնք պաշարուած են, նաեւ այդ առժամեայ պաշարումը կրնայ ապագայի միտուած քայլ մը ըլլալ եւ անոր հիմնական առանցքը կ՚ընթանայ Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափելու շուրջ։ Այստեղ ալ կը պարզուի, որ այս խաղին դէմ պայքարելու հիմնական օղակը Արցախի բնակչութիւնն է։ Տեսակ, որ ընդունակ է մեծ պայքարի եւ առանց այդ ժողովուրդին մասին գունաւոր ածականներ տալու՝ մեր բոլորին համար յստակ է, որ արցախցիք դիւրին-դիւրին տեղի տուող կամ նահանջող տեսակ մը չեն։ Անոնք ունին երկարամեայ փորձառութիւն ու շատ լաւ կը հասկնան, որ այս ամբողջին տակ կան աշխարհաքաղաքական մեծ շահեր, ուր կը բախին, կը խաչաձեւուին մինչեւ նոյնիսկ Սիւնիքի հարցով իրարու հետ հակասութեան մէջ յայտնուած տարածաշրջանային տարբեր ուժ-ներկայութիւններու շահերն ու մօտեցումները։

Այս բոլորէն անդին ոչ-մխիթարական պատկեր մը կը տիրէ Հայաստանի ներքին օրակարգին մէջ, ուր ընդհանուր առմամբ զուտ քաղաքական հաշիւներով (իշխանութիւնը պահելու կամ միւս կողմէ ալ իշխանութիւնը գրաւելու իմաստով) Լաչինի խնդիրը լաւագոյնս շահարկումի կը մատնուի բոլորին կողմէ։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ներքին լսարանին ուղղուած եւ ցած-անկումնային ձայնով յայտարարութիւնները առնուազն ցոյց կու տան, որ անոնք ընելիք շատ բան մը չունին Արցախին համար, իսկ միւս կողմէ ընդդիմութեան ընդհանուր կեցուածքը ցոյց կու տայ, որ ան եւս աւելի նպատակայարմար կը համարէ այս փուլին հանդէս գալ՝ պարզապէս դիտողի դերով։ Ընդդիմութիւնը, որուն բնական նպատակը իշխանափոխութիւնն է, այս փուլին կարծես ունի ներքին համոզում, թէ ո՛չ միայն այդ մէկուն համար արտաքին ուժերու՝ մանաւանդ Ռուսաստանի կանաչ լոյսը չկայ։ Գոյութիւն ունի նաեւ այն վարկածը, թէ ներկայ եւ քանի  մը անհաւասար հատուածներու բաժնուած ընդդիմութիւնը խորապէս համոզուած է, թէ ներկայ փուլին ինք մէկ առաջնորդի շուրջ բոլորուելու բաւարար կամքը չունի։ Ինչ խօսք, որ Լաչինի հարցը կրնար այն մեծագոյն լծակը դառնալ, որպէսզի այդ ուժերը մէկ մարդու նման փողոց իջնէին եւ իրենց պահանջները դնէին, կամ ալ խելքը գլուխը հաւաքելով ու ծանր ընտրանքի առջեւ գտնուելով բանակցութեան նստէին Փաշինեանին հետ։ Ընդդիմութեան մօտեցումները, բնականաբար, աւելիով վարկազրկումի ընդհանուր ընթացքի մը մասին կը խօսին ու եթէ անոր համար «քիչ մըն ալ սպասենք»ի մօտեցումը փրկութեան օղակի մը կը նմանի, ապա այդ վարկածը աւելի քան վիրաւորական է Հայաստանի լայն հանրութեան համար, որուն կարեւոր տոկոսը այսօր իսկապէս մտահոգ է Արցախի ճակատագրով։

Հայաստանի մէջ կը պակսի պահու ծանրութիւնը իսկապէս նժարի վրայ դնող քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ Լաչինի հարցը միացնող օղակի վերածել ու յառաջ նայիլ։ Թոյլ իշխանութեան խնդիրը կայ, սակայն անոր թուլութիւնը աւելիով հունաւորող եւ անոր դէմ ներքին պայքար տանող ընդդիմութեան մօտեցումներն ալ, բնականաբար, լուծում չեն կրնայ բերել առկայ ծանր կացութեան։ Ու այս առումով ալ տասը ակնոցի կարիք չկայ. ներկայ փուլին Փաշինեան ունի միջազգային, նաեւ ռուսական մեծ նեցուկ, որուն շնորհիւ ու ճամբով ալ անդրդուելիօրէն պիտի շարունակէ իր գործը։

Կան մարդիկ, կան ընկերներ, որոնք երէկ ալ կը հաւատային, թէ Հայաստանի մէջ օրակարգ փոխելու համար կարիքը կայ ներքին ներուժի, բայց, անոնք վրիպած են ու դեռ ալ կը շարունակեն շփոթի մէջ պահել մեր ժողովուրդը։ Իրականութիւնը, սակայն, այլ է ու աւելի քան յստակ, որ Հայաստանի նման փոքր երկիրներու պարագային որեւէ փոփոխութեան, օրակարգի որեւէ ճշդումի համար նախ եւ առաջ կարեւոր են արտաքին մղումները եւ ինչու չէ նաեւ՝ արտաքին ուժերու համաձայնութիւնները։ Այնպէս, որ ներկայ փուլը պարզապէս սպասողական է եւ այս փուլին գլխաւոր խօսքը՝ Արցախի հերոսական ժողովուրդինն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022