ԱՆԿԵՂԾ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որ վերջերս այցելեց Երեւան։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութենէն ներս։ Վարչապետի ընդունարանի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ ջերմ զրոյցի մթնոլորտ մը։
Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան համառօտ տեղեկութիւններ քաղեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ եւ մեր համայնքին անկեղծ շնորհաւորութիւններ յղեց մօտալուտ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ՝ խաղաղութեան բարեմաղթանքով։
Վարչապետ Փաշինեան Արա Գօչունեանէն տեղեկութիւններ ստացաւ նաեւ հայ մամլոյ նահապետ 117-ամեայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութեան շուրջ։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիրը բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան, առաքելութեան տեւականացման ճանապարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագրերուն շուրջ։ Վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութեան յարատեւութեան նկատմամբ ընծայած կարեւորութիւնը՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ։
Երեւանի կեցութեան օրերուն Արա Գօչունեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս յատուկ ներկայացուցիչն է։
Կեցութեան օրերուն Արա Գօչունեանի հետ հարցազրոյց մըն ալ տեսասփռուեցաւ՝ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանէն։ Հարցազրոյցը վարեց Պետրոս Ղազարեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին Արա Գօչունեան խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան բաժնեց նաեւ իր դիտարկումները տարածաշրջանի նոր՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններով պայմանաւորուած համայնապատկերին կապակցութեամբ։ Գօչունեան համոզուած է, թէ Անգարա-Երեւան կարգաւորման որոնումները թէեւ առայժմ շօշափելի արդիւնքներ չեն տուած, սակայն, սա ինքնուրոյն տրամաբանութեամբ գործընթաց մըն է, որ ներկայիս կ՚ընթանայ համապատասխան կշռոյթով։
Միւս կողմէ, Արա Գօչունեան ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր արժանացաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան։