ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱԿՏԵՊՈՒՐԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ

Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ երէկ յարձակում մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական տօնավաճառին վրայ։ Անձ մը ինքնաշարժը քշեց տօնավաճառի տարածքի այցելուներուն վրայ։ Դէպքին զոհ գնաց երկու հոգի, ըստ հաղորդումներու՝ վիրաւորեալներու թիւը կը հաշուըւի տասնեակներով։ Մակտեպուրկը մայրաքաղաք Պերլինի արեւմուտքի քաղաքներէն մին է, որ Սաքսոնիա-Անհալթ նահանգի մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ, 240 հազար բնակչութեամբ։

Կը հաղորդուի, որ յիշեալ ինքնաշարժի վարորդը հսկողութեան տակ առնուած է։ Պաշտօնական մարմինները այժմ կը ջանան պարզել, թէ ան այս արարքը առանձի՞ն գործած է կամ կազմակերպուած։ Մակտեպուրկի տեղական աղբիւրները նշեցին, որ վիրաւորեալներու թիւը կրնայ ութսունի շեմին հասած ըլլալ։

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց դէպքին կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերուն վրայ։ Իր խօսքով՝ Մակտեպուրկէն հասած լուրերը մտածել կու տան, թէ վատ բաներ մը կը պատահին։ «Իմ խոհերուս մէջ են զոհերն ու իրենց ընտանիքները։ Անոնց եւ Մակտեպուրկի ժողովուրդի կողքին ենք։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ փրկարար ջոկատներուն, որոնք այս մտահոգութեան ժամերուն նուիրումով կ՚աշխատին», նշեց վարչապետ Օլաֆ Շոլց։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024