ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ԵՒ ԱՆԱԼԵՆԱ ՊԵՐՊՈՔ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ֆիտան հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու վերակենդանացման ուղղութեամբ Գերմանիա պէտք է յառաջատար դերակատարութիւն ունենայ։ Բաց աստի, երկու նախարարները կանգ առին Սուրիայէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման հեռանկարներուն վրայ, երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միութեան խրախուսումով հանդերձ։

Ֆիտան եւ Պերպոք Սուրիոյ առկայ անցումային շրջանը արժեւորելով՝ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձուցին փոքրամասնութիւններու նկատմամբ յարգանքի խնդիրը։ Իր կարգին, Ֆիտան աւելցուց, որ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած սուրիացի գաղթականներու կամաւոր ու անվտանգ վերադարձի ապահովումն ալ անհրաժեշտ է։ Նախարարը համոզուած է, թէ Սուրիոյ վերակառուցման ուղղութեամբ պէտք է դրական մօտեցում մը ցուցաբերել եւ այս առումով միջազգային հաւաքականութիւնը պէտք է զօրակցութիւն ապահովէ երկրին։

Ֆիտան բացատրեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան տեսակէտը։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ սխալ է այն մօտեցումը, թէ Սուրիոյ մէջ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ն քիւրտերը կը ներկայացնէ։ «Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ Սուրիոյ առկայ կացութեան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ չարաշահումը», ըսաւ նախարար Հաքան Ֆիտան։

Անգարայի երէկուան հանդիպման ընթացքին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու Պաղեստինի իրադարձութիւններն ալ ուշադրութեան առակայ դարձան։ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Կազզէի մէջ հրատապ հրադադար պէտք է հաստատուի եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու անխափան տեղափոխման համար միջազգային հաւաքականութիւնը համատեղ ջանքեր պէտք է գործադրէ։

Ըստ Ֆիտանի, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ ժամ առաջ մնայուն ձեւով պէտք է վերջ գտնէ։ Թուրքիա կը խրախուսէ բանակցային գործընթացը։

Ի լրումն այս բոլորին, Ֆիտան եւ Պերպոք ուշադրութեան առարկայ դարձուցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը։ Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ այս գործընթացի յաջողութեան պսակուելուն տեսակէտէ պատմական հնարաւորութիւն մը գոյութիւն ունի եւ այս պայմաններուն ներքեւ երրորդ կողմերը գործընթացը պէտք է խրախուսեն արդար եւ անաչառ ձեւով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024