ԱՆՆԻԿ ԺԻՐԱՐՏԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան քար­տու­ղար Ան­նիկ Ժի­րար­տէն այ­սօր կը ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան։ Զար­գաց­ման ու ֆրան­սա­խօ­սու­թեան հար­ցե­րով պա­տաս­խա­նա­տու ֆրան­սա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին Հա­յաս­տա­նի շփում­նե­րը կը տե­ւեն եր­կու օր։

Ան­նիկ Ժի­րար­տէն Ե­րե­ւա­նի մէջ կը տե­սակ­ցի Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Ա­շո­տեա­նի հետ։ Ան կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րա­նը, ուր ու­սա­նո­ղու­թեան հետ կ՚ու­նե­նայ կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ։ Ֆրան­սա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը կը հան­դի­պի նաեւ Հա­յաս­տա­նի ֆրան­սա­խօս գոր­ծիչ­նե­րուն հետ։

Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին շրջագ­ծով Ժի­րար­տէն ծաղ­կեպ­սակ մըն ալ կը զե­տե­ղէ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ, ուր կը զրու­ցէ նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016