ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Լոնտոնէն.-
Երէկ երեկոյեան Օքսֆորտ համալսարանի Փեմպրուք գոլէճին մէջ բացուեցաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» համաժողովը։ Օքսֆորտի համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի Հայագիտութեան ամպիոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համաժողովը նախատեսուած է աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ իր աջակցութիւնը կը բերէ այս նախաձեռնութեան։
Համաժողով-աշխատանոցին բացումը կատարուեցաւ Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէէն Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի կողմէ։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ սոյն համաժողովի կազմակերպման դրդապատճառներուն եւ նպատակներուն։ Չիլինկիրեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ համաժողով մը կը կազմակերպուի նման նիւթի մը շուրջ ու մաղթեց, որ այդ մէկը ըլլայ շարունակական։
Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ կազմակերպչական պատասխանատուութիւնները բաժանած ակադեմական Թէօ ֆան Լինտ աւելի վերջ ներկայացուց ծրագրի այս բաժնի միակ բանախօսը՝ Ժընեւի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Վալենթինա Քալցոլարին, որ միեւնոյն ժամանակ կը դասախօսէ նոյն համալսարանի Միջերկրականի, սլաւոնական եւ արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութիւններու բաժանմունքին մօտ։ Վալենթինա Քալցոլարի այս առթիւ խօսեցաւ արդի հայերէնի խնդիրներուն շուրջ, մինչ իր հետ բերած էր նաեւ մեծ հայագէտ Հայր Արսէն Այտընեանի (1825-1902) «Քննական քերականութիւն աշխարհաբարի կամ արդի հայերէն լեզուի» գիրքին բնօրինակը։ Այս կարեւոր գործի լոյսին տակ եւ օրինակներ ալ մէջբերելով ան մատնանշեց հայերէնի անցեալին ու ներկային վերաբերեալ կարգ մը հարցեր։ Ան աշխարհաբարի կարգ մը հարցերուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ մէջբերեց նաեւ Մարկ Նշանեանի ուսումնասիրութիւնները։ Իր անգլերէն դասախօսութեան ընթացքին Քալցոլարի հայերէնով կարդաց նաեւ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի բանաստեղծութիւններէն մին՝ որպէս օրինակ արդի հայերէնով գրուած գրական գործի մը։ Ելոյթի աւարտին Քալցոլարի պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
Համաժողովի երէկուան բացման մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ խօսք առաւ նաեւ կարծիքի փոխանակումներու հանգրուանին։
Այսօր Օքսֆորտ համալսարանի նոյն գոլէճէն ներս կը շարունակուի համաժողովին աշխատանքը։ Օրակարգի վրայ կը գտնուին՝ արեւմտահայերէնի ներկայ աշխարհագրութիւնը, աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ ընկերատնտեսական մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայ մշակոյթի վրայ գործած ազդեցութիւնը՝ թէ՛ ներկայի եւ թէ ապագայի առումով։ Համաժողովի մասնակիցները կը շօշափեն նաեւ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ թէ՛ գրողներու եւ թէ ընթերցողներու տեսանկիւնէն։ Համաժողովականները պատասխաններ կ՚որոնեն նաեւ այն մասին, թէ ինչպիսի կառոյցներ, հաստատութիւններ կամ միջոցներ անհրաժեշտ են յառաջիկայ տասնամեակներուն՝ արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար։
Հարկ է նշել, որ Լոնտոնի այս համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագիր Սեւան Տէյիմենճեան։