ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տըն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հա­սաւ Թուր­քիա, իր կո­ղակ­ցին հետ։ Իր այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նի ծրա­գի­րը ան այ­սօր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ։ «Քոն­րատ» պան­դո­կէն ներս ան կլոր սե­ղա­նի ձե­ւա­չա­փով հա­ւա­քոյ­թի մը կը մաս­նակ­ցի քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան բա­րե­փո­խիչ­նե­րուն հետ։ Այս հար­ցին շուրջ ա­մե­րի­կեան կող­մի տա­րա­ծած պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ո­րա­կուած են որ­պէս քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան բա­րե­փո­խիչ­ներ։

Ճօ Պայ­տըն վաղն ալ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի դար­ձեալ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Այս­պէս, Տոլ­մա­պահ­չէի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, վար­չա­պե­տա­րա­նի գրա­սե­նեա­կի յար­կէն ներս Ճօ Պայ­տըն նախ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան ծրագ­րին վրայ այս հան­դիպ­ման հա­մար դրուած է մէ­կու­կէս ժա­մուան ժա­մա­նակ մը։ Տա­վու­տօղ­լու եւ Պայ­տըն պի­տի սար­քեն նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։

Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս Ճօ Պայ­տըն պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Յետ­մի­ջօ­րէի այս տե­սակ­ցու­թիւ­նով պի­տի եզ­րա­փա­կուի ԱՄՆ-ի փոխ-նա­խա­գա­հին Թուր­քիա այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը եւ ան ա­ւե­լի վերջ հրա­ժեշտ պի­տի առ­նէ Թուր­քիա­յէն։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016