ՄԵՏԻԱՅԻ ԴԵՐԸ ԷԱԿԱՆ…

«Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն» փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի թրքե­րէն տար­բե­րա­կի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դած ա­սու­լիս-քննարկ­ման վեր­ջին ա­տե­նա­խօսն էր NTV-ի լրա­տուա­կան բաժ­նի գլխա­ւոր խմբա­գիր Մե­թէ Չու­պուք­ճու, որ գոր­ծը մեկ­նա­բա­նեց մամ­լոյ սպա­սա­ւո­րի մը աչ­քով։ Ան թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն ներս ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ յայտ­նի մեկ­նա­բան մըն է, հա­մա­պա­տաս­խան ծրագ­րե­րու պատ­րաս­տու­թեան ա­ռու­մով հե­ղի­նա­կու­թիւն մը։ Չու­պուք­ճու միշտ մօ­տէն հե­տե­ւած է նաեւ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, նոյ­նիսկ ան­գամ մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ հա­ղորդ­ման մը բե­րու­մով թի­րա­խը դար­ձած՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կազ­դե­ցու­թեան։

Ֆիլ­մի փրէօ­միէ­րէն վերջ, այս ա­սու­լի­սին ժա­մա­նակ բարձ­րա­խօ­սը ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ թէեւ բա­ւա­կան ուշ, սա­կայն ան յա­ջո­ղե­ցաւ կեն­դա­նի պա­հել ունկն­դիր­նե­րուն կեդ­րո­նա­ցու­մը։ Բո­լո­րը լա­րուած ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Չու­պուք­ճուի խօս­քին, հա­կա­ռակ ա­նոր՝ որ ան ար­տա­յայ­տուե­ցաւ եր­կու վաս­տա­կա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ­նե­րէ վերջ։ Դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու բազ­կե­րա­կը լաւ զգա­լու ըն­դու­նա­կու­թեամբ եւ վար­պետ լրագ­րո­ղի մը բնո­րոշ յատ­կա­նիշ­նե­րը միաց­նե­լով՝ ան թէ՛ ար­ժե­ւո­րեց ֆիլ­մը եւ թէ իր դի­տար­կում­նե­րը բաժ­նեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն հետ, մէջ­բե­րե­լով նաեւ յու­շեր։

Ե­լոյ­թի սկիզ­բին Մե­թէ Չու­պուք­ճու վեր­յի­շեց դէ­պի Հա­յաս­տան իր ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ 1993 թուա­կա­նին։ Այդ մէ­կը ե­րեք ըն­կեր­նե­րով կա­տա­րուած շատ դժուա­րին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ե­ղած էր։ Մոս­կուա­յի վրա­յով կա­տա­րուած եր­կա­րա­տեւ ճամ­բոր­դու­թեան մը ա­ւար­տին Ե­րե­ւան հա­սած էին մութ գի­շեր մը։ «Երբ Թուր­կուտ Էօ­զալ մա­հա­ցաւ, մենք Ե­րե­ւա­նի մէջ էինք։ Բա­րե­բախ­տա­բար, յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Ան­գա­րա մեկ­նե­լու ժա­մա­նակ, Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան մե­զի ա­ռաւ իր օ­դա­նա­ւը ու մենք փրկուե­ցանք վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին ալ նոյն դժուա­րու­թիւն­նե­րը կրե­լէ», ը­սաւ ան։

Ըստ Չու­պուք­ճուի, երբ 1993 թուա­կա­նին ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տան կ՚այ­ցե­լէին, լաւ չէին ճանչ­նար եր­կի­րը, հիմ­նա­ւո­րեալ տե­ղե­կու­թիւն մը չու­նէին ա­նոր մա­սին։ Նա­խա­պա­շա­րում­ներն ալ, այդ պա­հու դրու­թեամբ, ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէին ի­րենց վրայ։ Տե­ղա­ցի­նե­րուն մօտ եւս, փո­խա­դար­ձա­բար, զգա­լի էին նոյն տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը։ Երբ այդ ա­տեն ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լած էին նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շար­ձա­նը, տա­կա­ւին չէին գի­տեր, թէ այդ մէ­կը ինչ­պէ՛ս պի­տի ո­րա­կէին՝ Թուր­քիոյ մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Չու­պուք­ճու շա­րու­նա­կեց.

«Վեր­ջին ան­գամ այդ նոյն յու­շար­ձա­նէն ու­ղիղ ե­թե­րով սփռում կա­տա­րե­ցինք 2014 թուա­կա­նին։ Այ­լեւս շատ ա­ւե­լի դիւ­րին ու հան­գիստ նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ կը կազ­մենք։ Մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մե­տիա­յի մեր­ձեց­ման ձե­ւը։ Օ­րի­նակ՝ հե­ռա­տե­սի­լով ցոյց տա՞լ ա­մէն տա­րի 23 Ապ­րի­լի գի­շե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ թրքա­կան դրօ­շա­կի հրկիզ­ման դրուա­գը, թէ ոչ... Նպաստ մը կ՚ա­պա­հո­վե՞նք այս ձե­ւով։ Մե­տիան ընդ­հան­րա­պէս կը կողմ­նո­րո­շուի ըստ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։ Թուր­քիոյ մէջ մե­տիան կը հե­տե­ւի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բայց այս ա­ռու­մով ալ կան փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Ֆութ­պո­լա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան շրջա­նին Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ օ­տար չէին նկա­տուեր թրքա­կան մե­տիա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Որ­պէս քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէկ մաս­նի­կը՝ շատ կա­րե­ւոր է մե­տիա­յի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Թէ­կուզ ո­րոշ դժուա­րու­թիւն­նե­րով, սա­կայն ես նկա­րա­հա­նում­ներ ը­րած եմ նաեւ սահ­ման­նե­րուն վրայ։ Սահ­մա­նի պա­րա­գան ու­նի լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Թուր­քիա մեծ եր­կիր մըն է։ Ինք­նավս­տա­հու­թեան տէր եր­կիր մը չի կրնար սահ­մա­նը փա­կել՝ ինք­զին­քը ու­րիշ­նե­րուն կա­պե­լով։ Մե­տիա­յին ա­ռա­ջա­տար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը կը վի­ճա­կի՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րը պա­հե­լու ա­ռու­մով, ե­թէ նոյ­նիսկ բա­ցա­կա­յի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին ա­ւե­լի ջերմ կա­պեր ու զի­րար ա­ւե­լի լաւ կը հասկ­նան»։ Ան կանգ ա­ռաւ նաեւ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ Հրանդ Տին­քի ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թեան վրայ։

Մե­թէ Չու­պուք­ճուի խօս­քով վեր­ջա­ցան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գըլ-խա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի վա­րած այս ա­սու­լի­սի չորս ա­տե­նա­խօս­նե­րուն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժին մը։ Այս փու­լին ան­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կանն էր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն՝ Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան փոխ-ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Է­լիֆ Իւլ­կէ­նի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը։ Ան նախ նշեց, որ ներ­կա­յա­ցուած ֆիլ­մը հաւ­նած է ու զայն կը հա­մա­րէ ա­ռար­կա­յա­կան գործ մը։ Սա կը հա­մա­րուի տե­սո­ղա­կան նշում մը, ծա­նօ­թագ­րու­թիւն մը՝ տուեալ նիւ­թին ա­ռըն­չու­թեամբ։

Է­լիֆ Իւլ­կէն ա­ւե­լի վերջ անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ տա­րուան ու նշեց, թէ ի­րենք 2015 թուա­կա­նը նկա­տած են մեծ քննու­թեան մը ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ Թուր­քիա ան­ցեալ տա­րի մեծ քննա­դա­տու­թիւն մը չէ ա­ռած իր հի­մնա­կան մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րէն եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան հար­թու­թեան վրայ ստեղ­ծուած ա­զատ բա­նա­վէ­ճի մթնո­լոր­տը ամ­րապն­դած է ա­նոր դիր­քե­րը։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա 2015-ը կրցած է յաղ­թա­հա­րել շնոր­հիւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մօտ ապ­րուած վէ­ճե­րուն, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պե­տու­թեան կող­քին գտնուած է։ Իւլ­կէն ա­ւե­լի վերջ մատ­նան­շեց, որ թրքա­կան պե­տու­թեան ո­ճը փո­խուած է այս հար­ցին շուրջ եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի մօ­տե­ցում­ներն ալ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ան վե­րա­պա­հու­թեամբ ակ­նար­կեց 2015-ին հրա­պա­րա­կուած Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կագ­րին, մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­նոր բո­վան­դա­կու­թեան մէջ Սեւ­րի հա­մա­ձայ­նագ­րին կա­տա­րուած յղու­մին բե­րու­մով։ Է­լիֆ Իւլ­կէ­նի խօս­քով, ակն­կա­լու­թիւ­նը այն էր՝ որ 2015-էն վերջ կար­գը պի­տի գար բնա­կա­նո­նաց­ման, սա­կայն ներ­կա­յիս այս ուղ­ղու­թեամբ կը պակ­սի ե­ռան­դը։

Հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նէն վերջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին եւս ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հե­տ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2016