Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ
Ս. Սարգիսի տօնին` Յունուարի 23-ին, «Մենք մեր զինուորի կողքին ենք» ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Արարատեան Հայրապետական Թեմը առաջին անգամ ըլլալով պիտի պարգեւատրէ զինուորները: Այս մասին յայտարարած է Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Ա. Քահանայ Մալեան։ Ան նշեց, որ Ս. Սարգիսը եղած է զօրավար եւ անոր տասնչորս զին-ւորներն ու իր որդին նահատակուած են հաւատքի համար:
«Բացի պարգեւատրումէն պիտի կատարուի նաեւ Խաչի երթ, որ պիտի սկսի Երեւանի կեդրոնէն, ժամը 14.00-ին։ Իսկ պիտի կատարուի նաեւ տօնակատարութիւն, Երեւանի Կարապի լիճի մօտ տեղի պիտի ունենայ համերգ, որու ժամանակ երիտասարդները նուէրներ եւ աղի բլիթ պիտի բաժանեն ներկաներուն», ըսած է Տ. Պետրոս Ա. Քահանայ Մալեան՝ նշելով, որ Ս. Սարգիսի տօնը շարժական տօն է, երիտասարդներու օրհնութեան օր: Աղի բլիթ ուտողներուն, Տ. Պետրոս Ա. Քհնյ. Մալեան խորհուրդ տուած է զայն ուտել հաւատքով՝ Յունուարի 22-ի երեկոյեան: Ըստ իրեն, Ս. Սարգիսի տօնին աղի բլիթ ուտելը ազգային սովորութիւն է, Հայ Առաքելական Եկեղեցին զայն ո՛չ կը մերժէ եւ ոչ ալ կը քաջալերէ: