2016-ին պիտի շարունակուին Սուրիահայ Ընտանիքներու Աջակցութեան Ծրագրերը
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներու աջակցութեան ծրագիրները: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
2015 թուականին քաղաքապետարանին կողմէ համապատասխան դրամական եւ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է հազար չորս հարիւր սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքի, անոնցմէ եօթանասուներկուքին՝ «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ծիրէն ներս: Երեւանի մէջ բնակող սուրիահայ աւելի քան հարիւրվաթսուն ընտանիք ներառուած է պետական ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն:
Մշտական ուշադրութեան ներքոյ են նաեւ քաղաքապետարանի ենթակայութեան մանկապարտէզներ յաճախող, ինչպէս նաեւ դպրոցական աւելի քան եօթ հարիւր սուրիահայ երախաներ: Փոքրիկներն ու պատանիները աշխուժօրէն կը ներգրաւուին կրթամշակութային տարբեր ձեռնարկներու մէջ:
Երեւանի վարչական շրջաններու ղեկավարներու աշխատակազմերը եւս պարբերաբար կ՚աջակցին երեւանա-բընակ սուրիահայ ընտանիքներուն: