ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Սուրիոյ ճգնաժամը թեւակոխած է նուրբ հանգրուանի մը, Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական շփման մէջ մնալ միջազգային բոլոր յառաջատար դերակատարներուն հետ։ Երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով անվտանգ գօտիի մը ստեղծման ծրագիրը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարա թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Մոսկուայի հետ սերտ կապերու մէջ է։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ անցեալ շաբաթ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ հիւրընկալեց նաեւ իր վստահելի ծերակուտականներէն Լինտսէյ Կրահամը, վաղն ալ պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ծերակուտական Կրահամ Թուրքիայէն մեկնելէ առաջ յայտնած էր, որ ԱՄՆ Սուրիայէ ներս պատճառ դարձած է ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի հարցին եւ այդ մէկը պէտք է լուծէ։ Թուրք-ամերիկեան բարձր մակարդակի շփումներու ծիրէն ներս երէկ ալ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Մայք Փոմփէոյի միջեւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին նախարարները անդրադարձան ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ դուրս բերման գործընթացին եւ երկկողմանի օրակարգի միւս խնդիրներուն։ Մայք Փոմփէօ վերահաստատած է ամերիկեան կողմի յանձնառութիւնը՝ Սուրիոյ սահմանի առընչութեամբ Թուրքիոյ անվտանգութեան մտահոգութիւններուն ընդառաջ երթալու ուղղութեամբ։

Նախագահ Էրտողանն ալ երէկ պատգամներ հասցէագրեց ԱՄՆ-ին եւ Ռուսաստանին։ Իր խօսքով, Թուրքիա կը փափաքի, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ հանդիպումները համախոհութեամբ վերջանան։ «Այլապէս պիտի սկսինք անհրաժեշտ քայլերը առնելու՝ ըստ մեր ռազմավարութեան», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը ընդգծեց, որ սահմանէն դուրս ալ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներու հետ պայքարը առաջնահերթ է երկրին տեսակէտէ։ Ով որ ալ ըլլայ, եթէ փորձէ մեր երկրի դէմ թոյզն իսկ յարձակում մը կատարելու, պիտի հատուցէ շատ ծանր ձեւով։ Յիշեցնելով նաեւ Իրաքի օրինակը՝ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա երբեք պիտի չհանդուրժէ Սուրիոյ սահմանի երկայնքով ստեղծման այնպիսի անվտանգ գօտիի մը, որ իրեն դէմ նոր ճահիճի մը պիտի վերածուի։ «Եթէ խոստումները չյարգուին, մենք անհրաժեշտ քայլերը կ՚առնենք», ըսաւ Էրտողան, որ վաղը Մոսկուայի մէջ Փութինի հետ պիտի տեսակցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ։ Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, Էրտողան եւ Փութին պիտի անդրադառնան Սուրիոյ տագնապին, տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերուն։ Մոսկուա այցը միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ Էրտողանի ներկայ տարուան առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը։ Քաղաքական մեկնաբաններն ալ կը մատնանշեն, որ Թուրքիա կը ձգտի Սուրիայէ ներս ստեղծուելիք անվտանգ գօտին ԱՄՆ-ի հետ միասին վերահսկել։ Միւս կողմէ, երէկ Սուրիոյ մէջ դարձեալ յարձակում մը կատարուեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու զօրքերուն վրայ։ Հերթապահութեան ընթացքին այդ զինուորները թիրախ դարձան հանդիպման։ Մենպիչի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած էր նման յարձակում մը որմէ հազիւ հինգ օր վերջ կրկնուեցաւ երկրորդ ռմբակոծութիւնը։ Յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն)։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019