ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՐ ՎԱՐԿԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ ԵՄ-ԷՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԷՆ

Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի համար պիտի յատկացնեն 700 միլիոն եւրօ՝ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ այս ամբողջին մէջ գանձատրումը նախատեսուած նախագիծերու մեծ մասը կը վերաբերի «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան։ Ըստ ԵՄ-ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթին, ճանապարհաշինութեան ծրագրի Աշտարակ-Ագարակ հատուածի կառուցման համար պիտի ներդրուի 450 միլիոն եւրօ։ 41 միլիոն եւրօ պիտի յատկացուի Կիւմրի-Պավրա, 7.5 միլիոն եւրօ ալ՝ Երեւան-Վանաձոր երկաթուղիի վերանորոգման նպատակով։ Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը կը նախատեսեն նաեւ շուրջ 15 միլիոն եւրօ տրամադրել Մեղրիի սահմանային անցակէտի արդիականացման ծրագրին։

Եւրոմիութիւնն ու Համաշխարհային դրամատունը որոշած են ընդհանուր առմամբ շուրջ 13 միլիառ եւրօ տրամադրել Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին մասնակից վեց երկիրներուն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրայնոյ, Մոլտավիոյ եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ շարք մը լայնածաւալ նախագծեր կեանքի կոչելու նպատակով։ Սոյն ծրագրի սկիզբի մասին Եւրոմիութիւնը տեղեկացուց 15 յունուարին։ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման յանձնակատար Եոհաննէս Հան յայտնեց, որ այս ծրագրի իրագործումը համատեղ յանձնառութիւն մըն է, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ զգալի դրական արդիւնքներ ապահովելու տարածքաշրջանի բոլոր բնակիչներուն համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոյանձնաժողովի փոխադրութեան հարցերով յանձնակատար Վիոլեթա Պուլքն ալ իր կարգին յայտնեց, որ կատարելագործուած փոխադրութեան կապը թէ՛ Արեւելեան գործընկերութեան տարածքաշրջանէն ներս եւ թէ այդ տարածքաշրջանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ունի անհրաժեշտ ներուժ՝ տնտեսական աճին նպաստելու եւ նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու համար։ Ըստ իրեն, ծրագիրը պէտք է ընդգծէ նաեւ ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ նոր նախագիծերու մէջ թուային որոշումներու, ԵՄ-ի նախընթացներուն համապատասխան չափանիշներ ստեղծելու կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 22, 2019