ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, Տաւոսի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Իզապել Մորէի հետ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէ Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը։ Ջերմութեամբ վերյիշելով շուրջ երկու տարի առաջ Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը՝ Իզապել Մորէ նշեց, որ երկու երկիրները պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններ ունին։ Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին, կարեւորեցին միջխորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան դերակատարութիւնը։ Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին նորագոյն փորձագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու գիտաթեքնիկ, սնունդի անվտանգութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւններուն եւ համատեղ ծրագրերու իրականացման հեռանկարներուն շուրջ։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներու։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս որպէս բանախօս մասնակցեցաւ՝ «Հաւասարակշռելով ներքին եւ կլոպալ անհաւասարութիւնը» նիւթին ձօնուած քըն-նարկման։ Իր հետ որպէս բանախօս հանդէս եկաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներէն՝ Քոլումպիայի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ճոզըֆ Սթիկլից, որ նուաճած է Նոպէլի տնտեսագիտութեան մրցանակը։ Ան եղած է նաեւ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթընի տնտեսական խորհրդատուներու խորհուրդի նախագահը, նաեւ Համաշխարհային դրամատան աւագ փոխ-նախագահն ու գլխաւոր տնտեսագէտը։

Արմէն Սարգսեան երէկուան քննարկման ընթացքին ըսաւ. «Հասկնալու համար, թէ որքան հեռու պիտի երթայ քու երկիրը, պէտք է դիտարկել աշխարհի ներկայ վիճակը»։ Բնակչութեան ընդհանուր թիւի աճի վրայ կանգ առնելէ վերջ Արմէն Սարգսեան շարունակեց. «Կը փոխուի նաեւ ժողովրդավարութիւնը, որովհետեւ բնականոն ժողովրդավարական երկիրներու մէջ կը քուէարկես քու խորհրդարանի կամ նախագահի օգտին յաջորդ հինգ տարիներու համար, այնուհետեւ կը սպասես արդիւնքներուն, հարցերուն եւ այլն։ Այժմ դուն ամէն օր կը քուէարկես քու Դիմագիրքի էջին վրայ։ Մենք այսօր կ՚ապրինք տարբեր աշխարհի մը մէջ»։

Տաւոսի ելոյթին մէջ Սարգսեան նշեց, որ աշխարհի վրայ բազմաթիւ զարգացող երկիրներ ունին պարտքեր, որոնք պէտք է վճարեն։ «Որքան մեծ է պարտքը, այդքան շատ խնդիրներ կը յառաջանան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան, որ կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ բնապահպանութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նիւթերու վրայ։

«Մենք կ՚ապրինք անորոշ, անկանխատեսելի աշխարհի մէջ։ Ես միշտ մտածած եմ, որ անորոշութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ։ Հնարաւորութիւններ կը բացուին փոքր երկիրներու համար, որովհետեւ փորձագիտական առումով մենք բոլորս կը սկսինք նոյն մակարդակէն», աւելցուց Արմէն Սարգսեան ու մատնանշեց, որ ապագային մեքենաշինութեան համար այլեւս գործարաններ անհրաժեշտ պիտի չըլլան։ Արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու մէջ իրականացուող արտադրական գործընթացները կտրուկ պիտի փոխուին։ «Մուտք կը գործենք նոր աշխարհ մը եւ ես չեմ վախնար այդ փաստէն։ Ես շատ լաւատես եմ։ Այս աշխարհը ամբողջովին տարբեր պիտի ըլլայ։ Ան պիտի չըլլայ գործարաններու երկիր, այլ՝ երիտասարդներու աշխարհ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020