ՀՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՐՏԱՇԱՏԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ԵՆ ՇԱՏ ՀԻՆ ՇՐՋԱՆԷ ԿԱՄՈՒՐՋ-ՋՐԱՏԱՐ ՄԸ
Վերջերս Հայաստանէն ուշագրաւ լուրեր հասան նոր հնութեան մը յայտնաբերման շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ հայ-գերմանական միացեալ ծրագրի շրջանակին մէջ՝ հնագէտները Արտաշատի մէջ յայտնաբերած են կամուրջ-ջրատար (aqueduc) մը, որ կը վերագրուի 114-117 թուականներուն: Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Փաւէլ Աւետիսեան «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տրուած ասուլիսին նշած է, որ ան ջրամատակարարման հսկայական կառոյց մըն է:
«Այդ կամուրջ-ջրատարի հիմքերը բացած ենք: 1 քիլօմեթր տարածքի վրայ կամուրջ-ջրատարի 20 հիմք բացուած է։ Հայոց առասպելական մայրաքաղաքը՝ Արտաշատը, որ մի քանի կառոյցներով ներկայաց-ւած էր, վերջին 10-15 տարիներուն պեղումներով ցոյց կու տայ, որ մենք արքայանիստ շատ լուրջ քաղաքի հետ գործ ունինք», ըսած է ան: Աւետիսեան յայտնած է, որ 2020 թուականին այդ ուղղութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին աշխոյժ կերպով՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ պահպանուած է եւ ի՞նչ կարելի է վերհանել: Հետազօտութիւններով՝ մասնագէտները յաջողած են պարզել, որ Արտաշատի մերձակայքը՝ դէպի Խոր Վիրապ ճամբուն մօտ, սեփականաշնորհուած հողատարածքներուն արձանագրուած են պալատական քանի մը հսկայական շինութիւններ, որոնց հիմքերը պահպանուած են: Այս ուղղութեամբ եւս շօշափելի աշխատանքներ կը կատարուին: Այդ աշխատանքները կարելիութիւն պիտի ընձեռեն Արտաշատը հանրութեան նորովի ներկայացնելու:
Արտաշատը Հայաստանի հին մայրաքաղաքներէն է (Ն.Ք. 2-րդ-Յ.Ք. 4-րդ դարեր)։ Կառուցած է հայոց արքայ Արտաշէս Ն.Ք. 180-170-ական թուականներուն եւ իր անունով անուանած է Արտաշատ (յունարէն՝ Արտաքսատա)։ Կը յիշատակուի յունահռոմէական աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ հայկական մատենագրութեան մէջ։ Ժամանակագիրները Արտաշատ մայրաքաղաքի մասին կը գրեն «թագաւորանիստ քաղաք», «մեծ ու խիստ գեղեցիկ քաղաք», «Հայաստանի Կարթագէն»։ Արհեստագործութեան, առեւտուրի, հայկական հելլէնիստական մշակոյթի մեծ կեդրոններէն էր։ Արտաշատէն կ՚անցնէին Հեռաւոր Արեւելքէն Միջերկրական եւ Սեւ ծովու ափերուն երկարող միջազգային տարանցիկ առեւտուրի ճամբաները, ուրկէ կը փոխադրուէր չինական մետաքս եւ այլ ապրանքներ։ Քաղաքը հիմնուած էր Խոր Վիրապի աւելի քան տասն բլուրներու վրայ։ Ունէր 400-500 հեքտար տարածութիւն։ Միջնաբերդը եւ թաղամասերը շրջափակուած էին պարսպապատերով, որոնք իրարու միացուած էին բլուրներու միջեւ կառուցուած նեղ «միջանցքներով», այդպէսով ստեղծելով պաշտպանական հզօր համակարգ։