«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԱՅՍՕՐ ԱԿՆՅԱՅՏ Է ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պրիւքսել։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին խոր տարաձայնութիւններ յառաջացած են՝ այս այցելութեան վերագրուեցաւ բացառիկ նշանակութիւն։ Չավուշօղլու Պրիւքսելի մէջ հիւրընկալուեցաւ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի կողմէ։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ կողմերը պէտք է հնարաւորը ընեն՝ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ դրական տրամադրութիւնները պահպանելու ուղղութեամբ։ Արդարեւ, յարաբերութիւններուն մէջ դրական մթնոլորտի ձեւաւորումը խիստ կարեւոր է։ Ուստի, անհրաժեշտ է յստակ քայլերու ձեռնարկել՝ այդ միտումը պահպանելու առաջադրութեամբ։

Պրիւքսելի երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Չավուշօղլու եւ Պորել սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ նշուեցաւ, որ Եւրոմիութիւնը եւ Թուրքիան պիտի բարելաւեն իրենց յարաբերութիւնները։

Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, 2020 թուականը խնդրայարոյց էր Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, ԵՄ-ի անցեալ դեկտեմբերի գագաթաժողովէն վերջ ընդունուած համատեղ հռչակագրով երկու կողմերը դրսեւորեցին դրական օրակարգ հաստատելու ուղղութեամբ քաղաքական կամք։ Աւելի՛ն, կողմերը հանդէս եկած են փոխադարձ յայտարարութիւններով, որոնց նպատակն է առաւել առողջ եղանակով բարելաւել յարաբերութիւնները եւ ստեղծել լաւ երկխօսութեան հնարաւորութիւն։ «Այս իսկ նպատակով ես ժամանած եմ Պրիւքսել», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ պէտք է յստակ քայլերով խթանել Անգարայի եւ Պրիւքսելի միջեւ համագործակցութիւնը։

Իր կարգին, Ժոզէֆ Պորել խօսեցաւ Թուրքիա-Յունաստան առկայ հարցերու մասին եւ արտայայտեց ԵՄ-ի փափաքը՝ լիցքաթափում տեսնելու համար ո՛չ միայն Միջերկրականի արեւելքին, այլեւ՝ աւելի ընդարձակ տարածքաշրջանի մէջ։ Ըստ Պորելի, ներկայիս ակնյայտ է մթնոլորտի բարելաւում։ Բաց աստի, Պորել նշեց, որ ԵՄ մտահոգ կը մնայ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան հարցին շուրջ եւ այս խնդիրը չ՚անտեսուիր բանակցութիւններու մէջ։

Ըստ Պրիւքսելէ հասած լուրերուն, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ գաղթականաց վերաբերեալ հարցերը՝ որպէս առանցքային նիւթ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւնները ունէին բազմակողմանի օրակարգ, որու ամբողջին մէջ Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւնները միշտ ուշադրութեան կիզակէտին էին։ Ըստ Չավուշօղլուի, յարաբերութիւններու մէջ դրական մթնոլորտը բնականաբար կարեւոր է, սակայն այդ մէկուն տեւականացման համար անհրաժեշտ են շօշափելի քայլեր։

Պրիւքսելի մէջ երէկ քննարկուեցան նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի հաւանական Թուրքիա այցելութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր։

Միւս կողմէ, Չավուշօղլուի Պրիւքսել այցելութեան ընդառաջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս ընդունուեցաւ զեկոյց-բանաձեւ մը, որու բովանդակութեան մէջ քննադատութիւններ հասցէագրուեցան Թուրքիոյ՝ Լեռնային Ղրաբաղի վերջին պատերազմի բերումով։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021