ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ գործնական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին վերաբերեալ հարցեր։ Վաղարշակ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս խաղաղապահ զօրախումբի արդիւնաւէտ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզէն ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայումով՝ անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ցուցաբերուած էական աջակցութեան համար։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ։ Անոնք շօշափեցին նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը։

Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու առանձնապէս կանգ առին գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն վերաբերեալ շարք մը խնդիրներու վրայ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021