ՈՉ ՄԷԿ ԵՐԱՇԽԻՔ

Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին զուգահեռ՝ ռազմավարական նշանակութեամբ Սիւնիքի մարզին վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը մնան առկայ։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ տրուած երաշխիքներն ալ միշտ հեռու կը մնան համոզիչ ըլլալէ։ Առկայ իրավիճակին մէջ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան յայտարարեց. «Սիւնեցիները ամէն օր իրենց մորթին վրայ կը զգան ենթակայութեան խայտառակ համաձայնագրին հետեւանքները»։ «www.news.am» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի այժմու կառավարութիւնը կը ջանայ հասնիլ Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանի գործունէութեան կասեցման։ Հարկ է նշել, որ նախկին մարզպետ Վահէ Յակոբեան ներկայիս այդ գործարանի վարչական խորհուրդի անդամներէն է։

Մոսկուայի մէջ յունուարի 11-ին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները համաձայնեցան տարածքաշրջանէ ներս ապաշրջափակել տնտեսական, առեւտրային եւ փոխադրութեան կապերը։ Նախատեսուած փոխադրական միջոցներէն մին է՝ Օրտուպատ, Ագարակ, Մեղրի, Նռնաձոր-Զանկելան երթուղին, որ պիտի անցնի Սիւնիքով։ Արդեօք Հայաստանի, առաւել եւս Սիւնիքի մարզի ժողովուրդը պատրա՞ստ է սահմաններու բացման։ Ի պատասխան այս հարցման՝ Վահէ Յակոբեան նշած է հետեւեալը. «Կը կարծեմ, վաղ է խօսիլ՝ սիւնեցիները պատրա՞ստ են այդ բանին, թէ ոչ։ Խօսքը կը վերաբերի «Մետաքսի ճանապարհ»ի վերականգնման, որու շնորհիւ մէկ կողմէ Չինաստանը պիտի կապէ Եւրոպայի հետ, իսկ միւս կողմէ Սիւնիքը պիտի կտրուի Իրանէն։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ եղանակով այդ բանը պիտի իրականացուի։ Կամուրջի՞ (վիատիւք) նման պիտի ըլլայ, երկաթուղի՞ պիտի անցնի, թէ ոչ։ Պէտք է հասկնալ, թէ այդ ճանապարհը մեզի ի՞նչ պիտի տայ։ Մենք պիտի կարողանա՞նք օգտուիլ այդ ճանապարհէն։ Տարանցման համար մեզի գումար պիտի վճարե՞ն, թէ ոչ։ Այսօր այդ հարցումներու պատասխանները տակաւին չկան»։

Վահէ Յակոբեան հարցազրոյցի ժամանակ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը այսօր ընդունակ չէ ճանապարհներու կամ երկաթուղիի կառուցման համար ներդրումներ ընել։ «Ներկայիս հայկական կողմը ոչինչի ընդունակ է, ուր մնաց՝ ճանապարհի հաղորդակցութիւն յստակեցնէ կամ առաւել եւս անոր կառուցումը գանձատրէ։ Եթէ Սիւնիքի տարածքով Ատրպէյճանին տրամադրուելիք ինքնիշխան ճանապարհի անվտանգութիւնը ռուսական կողմը պիտի ապահովէ, ապա ո՞վ պիտի երաշխաւորէ Ատրպէյճանի տարածքով ուղեւորներու եւ հայկական բեռներու անվտանգ տարանցումը։ Այդ հարցումի պատասխանը եւս չկայ։ Այսօր անվտանգ չէ նոյնիսկ Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան ներքեւ գտնուող Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածը։ Արդէն իսկ կան դէպքեր, երբ Ատրպէյճան կը գնդակահարէ հայկական ինքնաշարժները», շարունակեց ան։ Բաց աստի, Յակոբեան դիտել տուաւ, որ ամէն անգամ Ատրպէյճան շարժումներով այդ ճանապարհի անցորդներուն կը հասկցնէ, որ հայերը պիտի սպաննուին եւ այլն։ Այդ հակումը ներկայիս նկատելի է, ուստի ոեւէ մէկը չի կրնար անվտանգութեան երաշխիքներ տալ Հայաստանի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք այդ տարածքով պիտի անցնին։

Այս ամբողջին մէջ նախկին մարզպետը լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրած է նաեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն։ «Սիւնեցիները ամէն օր իրենց մորթին վրայ կը զգան ենթակայութեան խայտառակ համաձայնագրի հետեւանքները եւ սիւնեցիներու մեծամասնութիւնը կը համարէ, որ Նիկոլ Փաշինեան այսօր չունի իշխանութիւն», աւելցուց Յակոբեան։

Անդրադառնալով Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութեամբ Կապանի օդակայանի անվտանգութեան հարցին՝ ան հարցազրոյցի ընթացքին նշած է հետեւեալը. «Ո՛չ միայն Կապանի օդակայանը, այլեւ, առհասարակ, իշխանութիւններուն ոչինչ կը հետաքրքրէ։ Սիւնիքի տնտեսութիւնը հիմնուած է երեք ուղղութեան վրայ՝ գիւղատնտեսութիւն, հանքարդիւնաբերութիւն եւ զբօսաշրջութիւն։ Քորոնաժահրի համաճարակի տարածումէն յետոյ Սիւնիք այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը նուազեցաւ, իսկ պատերազմէն յետոյ այս ոլորտը վերջնականապէս անկում արձանագրեց։ Սա կործանարար ազդեցութիւն ունեցաւ զբօսաշրջութեան հետ կապուած գործարարութեան ճիւղերուն վրայ»։ Բաց աստի, նախկին մարզպետը ընդգծեց, որ պատերազմի հետեւանքով ցանքատարածքներու եւ արօտավայրերու 80 տոկոսը անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ կամ յայտնուեցաւ միջդիրքային տարածքներու մէջ։ Այս բոլորի հետեւանքով գիւղացիները ցած գինով վաճառեցին խոշոր եւ մանր եղջիւրաւոր անասունները եւ յայտնուեցան անելանելի վիճակի մէջ։

«Ինչ կը վերաբերի հանքարդիւնաբերութեան, ապա միտում կը տեսնենք, որ կառավարութեան կողմէ ոտնձգութիւններ կը կատարուին խոշոր հարկատու համարուող ընկերութեան վրայ։ Ես չեմ զարմանար եթէ այդ ոտնձգութիւնները շարունակական ըլլան ու պատճառ դառնան պղինձամոլիւպտենային գործարանի գործունէութեան կասեցման։ Արդէն երեք տարիէ ի վեր իրենք կը փորձեն խախտումներ յայտնաբերել, բայց չեն գտներ։ Իրենք յամառօրէն կը փորձեն այստեղ կաշառակերութիւն յայտնաբերել, բայց չեն գտներ։ Սակայն կը շարունակեն փնտռել, որպէսզի մեզի համար խնդիրներ ստեղծեն։ Այսպէսով անոնք վերջնականապէս կը քանդեն ո՛չ միայն Սիւնիքի, այլեւ՝ Հայաստանի տնտեսութեան հիմքը։ Արդարեւ, ինչպէս գիտէք, Զանգեզուրի պղինձամոլիւպտենային գործարանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի տնտեսութեան մէջ եւ կը հանդիսանայ Հայաստանի յառաջատար հանքարդիւնահանող ընկերութիւնն ու խոշոր հարկատուն։ Նպատակը Հայաստանի տնտեսութիւնը վերջնականօրէն քանդելն է», նշած է Վահէ Յակոբեան, ըստ որու կը փորձուի ներգրաւել Թուրքիայէն դրամագլուխ եւ այս ուղղութեամբ արդէն փորձեր կը նկատուին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ընդդիմադիր մամուլն ալ կը շարունակէ անընդհատ մատնանշել Սիւնիքի վերաբերեալ առկայ վտանգը, ինչ որ միշտ կը վերահաստատէ, թէ այս մարզի համար ներկայիս որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի։ Վերջին օրերուն թերթերը դարձեալ գրեցին, որ Զանգեզուրը փաստօրէն վտանգուած է։ Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ միջպետական գանգատ ներկայացուցած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանին՝ վնասներու հատուցման պատճառով։ Դիմումին մէջ Պաքու պատերազմի հետեւանքով տուժած իր քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ ազատութեան խախտումներու վերաբերեալ պնդումներ առաջ քշած է։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021