ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄ

Թիֆ­լի­զի մէջ շաբաթավերջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն հա­մա­տեղ ժո­ղո­վը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այս առ­թիւ մէկ­տե­ղուե­ցաւ իր վրա­ցի եւ ա­զէ­րի պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն՝ Մի­խէիլ Ճա­նե­լի­ծէի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Սոյն ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով հին­գե­րորդ հան­դի­պումն էր այս մէ­կը, ո­րու ա­ւար­տին մաս­նա­կից նա­խա­րար­նե­րը հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րա­գիր մը ստո­րագ­րե­ցին Թիֆ­լի­զի մէջ։

APA գո­րծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, թէ յի­շեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուած է տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գծով ե­ռա­կող­մա­նի նա­խագ­ծե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Կող­մե­րը քննար­կած են քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, տնտե­սու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի, փո­խադ­րու­թեան եւ բնա­պահ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Թիֆ­լի­զի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն ըն­ծա­յուե­ցաւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բնոյ­թով նա­խագ­ծե­րու քննարկ­ման։ Այս ամ­բող­ջին մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը եւ  TANAP ու TAP նա­խագ­ծե­րը։ Դռնփակ հան­դի­պու­մէն վերջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ այն հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը յու­զեն Ատր­պէյ­ճա­նը եւ Վրաս­տա­նը։

Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա կը կա­րե­ւո­րէ Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի քա­ղա­քա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ան­գա­րա ի սկզբա­նէ յայ­տա­րա­րած է, թէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ պատ­րաստ է բո­լո­րի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, նե­րա­ռեալ Ռու­սաս­տա­նը։ Չա­վու­շօղ­լուի խօս­քե­րով, Թուր­քիա մշտա­պէս աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րին։ «Մենք ը­սած ենք, որ անհ­րա­ժեշտ է Սու­րիոյ մէջ խնդրի կար­գա­ւոր­ման հա­մար քա­ղա­քա­կան լու­ծում ա­ռա­ջար­կել։ Թուր­քիան միշտ ը­սած է, որ Սու­րիոյ մէջ խնդրի քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւոր­ման ա­ռու­մով կը կար­գա­ւո­րէ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի դե­րը», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ռու­սաս­տան Սու­րիոյ մէջ իր հա­րուած­նե­րուն 88 տո­կո­սը կը հասց­նէ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ու միայն 12 տո­կո­սը՝ Ի­ՇԻՊ-ին։ «Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ չի լու­ծեր հար­ցե­րը», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու։

Ե­ռա­կող­մա­նի այս ձե­ւա­չա­փին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր 8 Յու­նիս 2012-ին։ Այդ թուա­կա­նէն ի վեր հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան տա­րին եր­կու ան­գամ։ Յա­ջորդ հան­դի­պու­մը նա­խա­տե­սուած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016