ԹՈՒՐՔԻԱ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՍԳԱՑ ՉՈՐՍ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ սաս­տիկ ու բազ­մա­կող­մա­նի պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին, դժբախ­տա­բար, եր­կի­րը ցնցուե­ցաւ նոր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով՝ հեր­թա­կան ան­գամ ապ­րե­լով խոր յու­զում։ Սու­րի մէջ, Տիար­պա­քըր, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցան զի­նուոր­ներ՝ Ճոշ­քուն Քա­րա­պու­լութ եւ Սեր­տար Ա­քըն։

Ի­տի­լի մէջ նոյն­պէս ա­հա­բե­կիչ­նե­րու հետ պա­տա­հած բա­խում­նե­րուն ժա­մա­նակ նա­հա­տա­կուե­ցաւ Մուս­թա­ֆա Ճան Քալ­ֆէ։

Միւս կող­մէ, ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ Տիար­պա­քըր-Լի­ճէ ճա­նա­պար­հին վրայ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն կող­մէ զե­տե­ղուած ռում­բին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած ոս­տի­կան զօ­րաց զի­նուոր­նե­րէն Օ­ղուզ Արս­լանն ալ մա­հա­ցաւ իր դար­մա­նուած հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016