SARF-Ի ԿՈՂՄԷ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան գոր­ծա­դիր մարմ­նին (SARF) կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւի ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կուե­ցաւ ա­ւե­լի քան 1.2 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, շրջա­նի «Հո­րի­զոն» հե­ռուս­տա­կայ­ա­նին մի­ջո­ցաւ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ այս թե­լե­թո­նը, ո­րու ար­դիւն­քին «Կեանք մը փրկել» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կեր­պուած նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի նպաստ լուրջ զօ­րակ­ցու­թիւն մը ա­պա­հո­վուե­ցաւ։

SARF-ի այս նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շա­ւը տե­ւեց շուրջ վեց ժամ։ Նա­խօ­րեա­կին հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, ան­հատ գոր­ծիչ­նե­րը, կրթա­կան եւ այլ բնոյ­թով հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ կո­չե­րով հան­դէս ե­կած էին՝ այս աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւոր­ման նպա­տա­կով։

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016