«Հայկաշխարհ» Արեւմտահայերէն Մանկապատանեկան Կայքէջի Շնորհանդէսը
Մայրենիի օրուան առթիւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքէջի (Armlands.com) շնորհանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագրեալ շարադրութեան մրցոյթի արդիւնքները:
Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան նշեց, որ վաղնջական ժամանակներէն հայոց լեզուն եղած է հայու տեսակի կերտման, հայ ժողովուրդի մտածողութեան ու հոգեբանութեան ձեւաւորման ամենազօրեղ միջոցը: «Փետրուարի 21-ին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը նշուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր» տօնը: Իր պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն հայոց լեզուն ունեցած է եւ ունի հայապահպան առաքելութիւն: Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հայոց լինելիութեան միջնաբերդ: Օտարը Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն համարած է հայերէնը», ըսաւ ան:
Մայրենիի տօնի առթիւ՝ մայրենիի անաղարտութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար Հրանոյշ Յակոբեանը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետայլով պարգեւատրեց Երեւանի Պետական բշկական համալսարանի «Ապագայ բժիշկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեդա Թորոսեանը, Երեւանի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի տնօրէն Կարինէ Զատիկեանը, Միջազգային կրթական խորհուրդի նախագահ Հայկուհի Գէորգեանը, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը, Հանրային հեռուստատեսութեան լրատուական հաղորդումներու ղեկավար Արտակ Հերիքեանը, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, Լալիկ Խաչատրեանը, Աշոտ Տէր-Մինասեանը, Իրաքահայերու միութեան նախագահ Վարանդ Պետրոսեանը:
Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձաւ նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքէջին: «Արեւմտահայերէնով առաջին մանկապատանեկան կայքէջի ստեղծման միտքը 9-ամեայ հայրենադարձ Արեգիինն է, որուն խնդրանքով անոր մայրը՝ «Եռագոյն» կայքէջի համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեանը, Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ կեանքի կոչեց «Armlands.com» կայքէջը: «Հայկաշխարհ»ը նպատակ ունենալով դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքէջերու եւ տպագիր թերթերու շտեմարանը», ըսաւ Յակոբեան:
Նախարարը ընդգծեց է, որ կայքէջի կայացման անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու աջակցութիւնը, հաշուի պիտի առնուին ներկայացուած առաջարկները: «Կայքէջը առաջին հերթին պիտի նպաստէ մեր ոսկեղենիկ արեւմտահայերէնի պահպանութեան», նշեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Կայքէջի կառուցուածքն ու բաժինները ներկայացուց «Եռագոյն» արեւմտահայերէն եւ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքէջերու համահիմնադիր Նայիրի Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ կայքէջին մէջ պիտի ըլլան փոքրիկներու անկիւն, մանկապատանեկան, ժամանցային, նորութիւններու բաժիններ եւ շտեմարան: «Արդէն իսկ սկսած են այլ մանկապատանեկան թերթերու հետ աշխատանքները եւ համագործակցութիւնը: Կը կարծենք, որ փոքրիկները ամենէն աւելի պիտի հետաքրքրէ «Մենք» բաժինը, ուր կը տեղադրուին անոնց աշխատանքները: Իսկ «Խօսակցիլ» բաժնին մէջ երախաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան առցանց հաղորդակցելու իրարու հետ», ըսաւ Մկրտիչեան:
Կայքէջին վերաբերեալ կարծիք յայտնեցին Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Նարէ Միքայէլեան եւ կայքէջի աջակից, հայրենադարձ ծնող Լիզա Գարաճեան: «Ես հայրենադարձած եմ իմ հայրենիք, որպէսզի երախաներս հայ մեծնան: Իսկ հայ մեծնալու առաջին պայմանը մեր մայրենին իմանալն է», ըսաւ Լիզա Գարաճեան:
Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագրեալ շարադրութիւններու մրցոյթին: Ամփոփելով մրցոյթի արդիւնքները` նախարարը ընդգծեց, որ շարադրութիւններու մրցոյթին մասնակցած է սփիւռքի աւելի քան հարիւր դպրոցներ, որոնցմէ ստացած են աւելի քան հազար երախայի ստեղծագործութիւն: «Յատկանշական է, որ շատ աշխոյժ են յատկապէս միօրեայ դպրոցներու աշակերտները, ինչ որ կը վկայէ այդ կրթօճախներու արդիւնաւէտ գործունէութեան մասին», նշեց նախարարը:
Ձեռնարկին մայրենիին նուիրուած երգով հանդէս եկան Եւրոպական դպրոցի 4-րդ դասարանի հայրենադարձ մանուկները: