ԱՐԴԱՐ ԽՂՃՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ վա­ղը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պի­տի սկսին Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ նա­խա­տե­սուած եր­կօ­րեայ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ պի­տի խորհր­դակ­ցին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ ու պի­տի փոր­ձեն ելք մը գտնել յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար այն փա­կու­ղին, որ շուրջ ինն տա­րիէ ի վեր կը զբա­ղեց­նէ թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կէս գի­շե­րին պի­տի ու­ղե­ւո­րուի Ե­րե­ւան եւ վա­ղը ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն հա­սած պի­տի ըլ­լայ մայ­րա­վանք։ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի հրա­ժա­րեալ ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ար­դէն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ են ու մշտա­պէս միա­սին։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րէն։ Այս ծի­րին մէջ ան յա­ռաջ քշած է հե­տաքրք­րա­կան տե­սա­կէտ մը։ «Ա­րե­ւելք» լրա­տու կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան անդ­րա­դար­ձած է Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեա­նի վե­րա­բե­րեալ վար­կա­ծի մը։ Ըստ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի, Թուր­քիա-Հա­յաս­տան առ­կայ լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով՝ հա­ւա­նա­կան է, որ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան նոյ­նիսկ կրնայ կա­րե­լիու­թիւն չու­նե­նալ որ­պէս թեկ­նա­ծու ար­ձա­նագ­րուե­լու։

Վա­ղը ա­ռա­ւօտ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ պի­տի մաս­նակ­ցին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­նա­լիք Սրբոց Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ւե­լի վերջ պի­տի սկսին խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ Մայր Ա­թո­ռի ա­ղօ­թա­բոյր ու խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ։ Հա­ւա­նա­կան է, որ այդ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հան­դէս գան պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նով մը։

Մինչ այդ, Իս­թան­պու­լէն՝ հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան շրջա­նակ­ներ ալ այս կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թեան ըն­դա­ռաջ կը ջա­նան ներ­կայ փու­լին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ սպա­սում­նե­րուն շուրջ տե­ղեակ պա­հել Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։ Այս շրջագ­ծով խումբ մը ազ­գա­յին­ներ նա­մակ մը ու­ղար­կած են Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ պա­հան­ջե­լով, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հրա­ժա­րի փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նէն։ Այդ նա­մա­կին տակ ստո­րագ­րու­թիւն դրած ա­նուն­նե­րու շար­քին են՝ Տիգ­րան Ալ­թուն, Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը, Ա­ւե­տիս Տե­միր, Խոս­րով Քէօ­լէ­դա­ւի­թօղ­լու, Կա­րօ Գաբ­րիէ­լեան, Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու եւ այլք։

Ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէն հա­սած լսում­նե­րուն, յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ար­դար խղճով աշ­խա­տանք մը պի­տի տա­րուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը խո­րա­պէս յու­զուած է՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով մեր հա­մայն­քի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Վեր­ջին շուրջ ինն տա­րի­նե­րուն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց այ­սօր հա­սած կէ­տը պի­տի ամ­փո­փուին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պի­տի լսէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն տե­սա­կէտ­նե­րը, դի­տար­կում­նե­րը եւ ա­նոնց մտքին մէջ ու­րուագ­ծուած լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Ան ա­ղօթ­քով ու շի­նիչ յոր­դոր­նե­րով հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ հա­մե­րաշխ լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու, որ­պէս­զի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը փո­խա­դարձ ըմբռ­նու­մով յա­ռաջ տա­նին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րուն հի­ման վրայ։ Նո­րին Սրբու­թեան ան­կեղծ մաղ­թանքն է, որ Բարձ­րեալն Աս­տու­ծոյ Սուրբ Ա­ջի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ շա­րու­նա­կուի Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու մեր հա­մայն­քէն ներս տի­րէ ան­դոր­րու­թիւն։ Ուս­տի, ան հա­մա­պա­տաս­խան ակն­կա­լու­թեամբ պի­տի տե­սակ­ցի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն հետ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մեր հա­մայն­քի գրե­թէ բո­լոր շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ հա­մա­րուած է ող­ջու­նե­լի ու բո­լո­րը կ՚ակն­կա­լեն, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ստեղ­ծուի դրա­կան մթնո­լորտ մը եւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ար­ձա­նագ­րուի յա­ռաջ­խա­ղա­ցում։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017