ծփացող ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ խաղահրապարակ ՄԸ

Գեր­մա­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն մը հան­դէս ե­կած է նո­րա­րար գա­ղա­փա­րի ի­րա­կա­նաց­մամբ: Ան ջու­րին վրայ ծփա­ցող ու­ռե­ցուած հսկայական խա­ղահ­րա­պա­րակ մը կա­ռու­ցած է: Այս մտա­յ­ղա­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Wibit Sports ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ կը մաս­­նա­գի­տա­նայ ջու­րի մէջ կի­րա­ռե­լու հա­մար փչո­վի խա­ղեր ու մար­զա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ ստեղ­ծե­լու գոր­ծին մէջ: Այս միա­հիւ­սուած մա­սե­րով խա­ղահ­րա­պա­րա­կը ստեղ­ծե­լու ժա­մա­նակ ըն­կե­րու­թիւ­նը ներշն­չուած է Lego-էն: Տար­բեր մա­սեր կա­րե­լի է ան­ջա­տել եւ միաց­նել ի­րա­րու՝ ըստ նա­խա­սի­րու­թեան: Նմա­նօ­րի­նակ խա­ղահ­րա­պա­րակ­նե­րու ար­ժէ­քը կը սկսի 3875 տո­լա­րէն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017