ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ՝ «ՏՈՒՆ»
Երէկ յետմիջօրէին, հայկական լրահոսին մէջ երեւցած որոշ շփոթէն ետք, յստակ կը դառնար, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Հինգշաբթի օր Մայր Աթոռ ժամանումը արդիւնքն է նախապէս եղած կարգադրութիւններու:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընտրութեան վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին «թէժացած» օրակարգին հետեւողներուն համար Մայր Աթոռի մէջ կայացուելիք եւ «սպասուած» եռակողմ ժողովը մի քանի առումներով յատուկ կարեւորութիւն կ՚ըզգենու:
Նախ անոր համար, որ Մայր Աթոռին կողմէ «ճիշդ ժամանակ»ին կատարուած այս «միջամտութիւն»ը կը կատարուի բաւական գերլարուած մթնոլորտ մը փարատելու մղումով:
Պոլսոյ վերջին դէպքերուն «դուրսէն» հետեւողներուս համար ալ իրավիճակը տանելի չէ: Տանելի չէ այն իմաստով, որ այդ պատմական Աթոռին «գլուխ»ը համարուող երկու սրբազան հայրերուն միջեւ ստեղծուած անհամաձայնութիւնը, կը սպառնար աւելիով լարել ընդհանուր դրութիւնը եւ այդ լարումին արդիւնքը, սպասուածին պէս նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնով պիտի չպսակուէր:
Երկրորդ կարեւոր վարկածը, որ կը կապուի Մայր Աթոռի կողմէ տրուած այս հրաւէրին՝ այն է, որ բոլոր կողմերն ալ յօժարակամ կերպով կ՚ընդունին եւ պատրաստ են լսել՝ նախամեծար Աթոռին՝ Մայր Աթոռին թելադրանքները:
Երրորդ՝ այս պատմական հրաւէրը, նաեւ կարեւոր շերտեր եւ նրբութիւններ կը ցոլացնէր կապուած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Աթոռի երեք միաբաններուն (աւագութեան կարգով) Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ:
Ու լաւ է, որ այդպէս է:
Յառաջիկայ ժամերուն ալ ուրուագծուող ընդհանուր տեսարանին վրայ շեշտակիօրէն կը պարզուի կարեւոր կէտ մը եւ այդ կէտը մեր սրբազան հայրերուն իրենց սեփական «տուն» գալու կամ վերադառնալու մէջն է:
Մեր սիրելի սրբազան հայրերը «տուն» կու գան:
Ոեւէ մէկը գործ մը, պարտականութիւն մը, աշխատանք մը եւ այս պարագային առաքելութիւն մը ստանձնելէ առաջ նախ մէյ մը «տուն» պիտի մտնէ:
Խաչ մը հանէ, աղօթք մը ըսէ եւ իր «տնեցիներուն» հետ կիսէ իր բոլոր մտահոգութիւնները:
Ու այս ընթացքն է, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ օրերուն:
Մեր սրբազանները «տուն» պիտի վերադառնան եւ միասին խաղաղ, պառակտումներէ ու լարուածութիւններէ հեռու մնալով միասին պիտի քննարկեն յառաջիկայ օրերուն համար նախատեսուած ընդհանուր վիճակը:
Պոլսոյ պատմական Աթոռը իր բարի լուրերով եւ եկեղեցաշէն եւ եկեղեցափայլ առաքելութեան պիտի լծուի: Հեռու բոլոր չարակամութիւններէ, հեռու բոլոր բանսարկութիւններէ եւ հեռու աւելորդ ու անտեղի ջղագարութիւններէ:
«Տան» մէջ բոլորը հանգիստ խղճով պիտի քննեն այս վիճակէն դուրս գալու յարմարագոյն տարբերակները ու վստահ ենք, որ Մայր Աթոռն ալ իր գլուխով եւ իր պատմադրոշմ դերով լաւագոյն խորհուրդը պիտի տայ այս ժողովին համար:
Երէկ յետմիջօրէին խաղաղ լռութիւն կը տիրէր Մայր Աթոռէն ներս:
Բաց էր մուտքի մեծ դարպասը եւ սարկաւագներ բաւական ծանր ու ցուրտ եղանակի Աստուծոյ բանին նուիրուած իր բառերով կը լեցնէին փետրուարեան օրուան մը մեծ անդորրը:
Լռութիւնը կը լեցուէր աղօթքով եւ սպասումով:
Ու յուսալի է, որ Մայր Աթոռէն «բուրող» այդ խաղաղական «ժամու» աղօթքները տարածուին ու շէնցնեն, մեր բոլոր եկեղեցիներու մայր խորանները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան